2018-02-06 09:42:00

Հին Դամասկոսի շրջանը հրթիռակոծուած է. արձանագրուած է զոհ մը եւ երկու Հայ վիրաւոր


«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ երկուշաբթի, 5 փետրուար 2018-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են հին Դամասկոսի շրջանը` խախտելով լարուածութեան մեղմացման Ղութայի գօտիի համաձայնութիւնը: Դամասկոսի ոստիկանատան աղբիւր մը յայտնեց, որ Ղութայի արեւելեան շրջանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծած են յատկապէս Պապ Թումա շրջանը: «Գանձասար»-ի աղբիւրները յայտնեցին, որ Պապ Թումայի մէջ հրթիռ մը ինկած է հայ ընտանիքի մը բնակարանին վրայ, ուր ներկայ եղած են տանտիրուհին` Նուրիցա Տեմիրճեան-Օթճեան, որ ժամանակէ մը ի վեր առողջական հարցերէ կը տառապի, անոր եղբայրը` Սարգիս-Յակոբ Տեմիրճեան եւ տանտիրուհին խնամող տեղացի կին մը: Տանտիրուհին խնամող տեղացի կինը տեղւոյն վրայ զոհուած է: Դամասկոսի հայ տղաքը օգնութեան փութալով վիրաւորները հիւանդանոց տեղափոխած են: Նուրիցա Տեմիրճեան-Օթճեան վիրահատութեան ենթարկուած է: Թեթեւակիօրէն վիրաւորուած է նաեւ անոր եղբայրը: Բնակարանը ծանր վնասներ կրած է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.