2018-02-05 08:50:00

Սուրբ երկիր այցելած ուխտաւորներուն թիւը աճած է։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Երկրի Խնամապահութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ տարւոյս յունուարին, արդէն 770 խումբերով, 26 հազար ուխտաւորներ այցելած են Սուրբ Երկիր։ Սա աճ մըն է 2016 թուականէն ասդին, ինչպէս կը տեղեկացնէ Քրիստոնէական Տեղեկատուութեան կենդրոնի տնօրէն, Հայր Թոմաս Տուպիէլ։ 2016 թուականի յունուարին խումբերու թիւը հասած էր 390ի, բովանդակելով 11 հազար ուխտաւորներ։ Իսկ 2017ին, նոյն ժամանակամիջոցին՝ 529 խումբեր, 16 հազար ուխտաւորներ այցելած են Սուրբ Երկիր։
Իսրայէլի Վիճակագրութեան Կենդրոնական Գրասենեակը տեղեկացուցած է, թէ 2017 թուականին, ուխտաւորներու թիւը հասած է ընդամէնը 3611800, արձանագրելով 23 տոկոսի աճ՝ համեմատած 2016 թուականին հետ, իսկ 29 տոկոս աճ՝ բաղդատած 2015 թուականին։ 2018 թուականին ոչ միայն կաթողիկէ ուխտաւորներու թիւը կրկնապատկուած է, այլ աճած է նաեւ այլ յարանուանութիւններու պատկանող հաւատացեալներու թիւը։ Սուրբ Երկրի Խնամապահութիւնը ուխտաւորներուն կը մատուցանէ զանազան ծառայութիւններ, նաեւ սրբավայրերու մէջ մատուցուելիք պատարագներ ապահովելով։ Նաեւ Ուղղափառներ այցելած են սրբավայրերը։ Աւելցած է նաեւ Սուրբ Յարութեան Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագներու թիւը։
2017ին աչքառու եղած է իտալացի ուխտաւորներու թիւը, որ հասած է 107000ի, որ մեծ յաւելում մըն է՝ բաղդատմամբ նախորդ երկու տարիներուն։
Ուխտաւորներու մեծամասնութիւնը կու գայ ԱՄՆէն, որոնց թիւը 2017ին եղած է 778800, ապա Ռուսաստանէն՝ 331500, Ֆրանսայէն՝ 308600, Գերմանիայէն՝ 218100 եւ Միացեալ Թագաւորութենէն՝ 198500։
Նկատի առնելով 2018ի յունուարին ժամանած ուխտաւորներու մեծ թիւը, կը թուի թէ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան Առաքելական Կառավարիչ Գերապայծառ Փիեռպաթթիսթա Փիցցապալլայի կոչը ապարդիւն չէ մնացած։ Ան Սուրբ Ծննդեան շրջանին շեշտած էր՝ թէ «Սուրբ Երկիրը միշտ ապահով եղած է եւ ուխտաւորները կրնան հանգիստ կերպով գալ։ Յուսանք որ աճի ընթացքը շարունակուի տարւոյս մնացեալ շրջանին։»
 








All the contents on this site are copyrighted ©.