2018-02-05 08:42:00

Աֆրինի շրջանին մէջ Քիւրտ զինեալներուն ու Թրքական բանակին միջեւ բուռն բախումներ


«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թրքական զինեալ ուժերը 3 քիլոմեթր խորութեամբ ու 10 քիլոմեթր լայնքով յառաջացած են Սուրիոյ հետ սահմանին Նահիաթ Պըլպել շրջանին մէջ:

Պըլպելի գիւղական շրջանին մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յաջողած են ետ մղել թրքական յարձակում մը եւ քանդած թրքական հրասայլ մը:

Միւս կողմէ, բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան Աֆրինի գիւղական շրջանի Ռաժօ շրջանին մէջ: Ըստ սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներուն, Ֆայլաք Շամէն, Ֆըրքա 23-էն եւ Զանքիէն կազմուած զօրամաս մը մուտք գործած է Թուրքիա` մասնակցելու համար Աֆրինի մէջ բախումներուն:

Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը շաբաթ օր յայտարարեցին, որ վերատիրացած են Պըլպել գիւղին եւ ետ մղած Ժենտերիսի գիւղական շրջանին մէջ Համամ գիւղին դէմ թրքական յարձակումը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին շաբաթ օր յայտարարած էր, որ իր երկրին ուժերը կը յառաջանան դէպի Աֆրինի շրջան եւ սկսած են գրաւել այդտեղի լեռները` աւելցնելով. «Այդ շրջանին հասնելու համար շատ քիչ մնաց»:

Ան Պիթլիս նահանգին մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակիրներու հաւաքին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Գիտենք, որ ահաբեկչական ուժերուն ետին կը գտնուին արտաքին ուժեր, եւ անոնց կ՛աջակցին մեր ժողովուրդի զաւակները, սակայն մենք օսմանցի սուլթաններուն թոռներն ենք եւ ունինք առիւծներ, որոնք «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան մէջ կը կռուին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.