2018-02-05 13:27:00

«Խաղաղութիւնը պէտք է խթանուի Մարդու Իրաւունքի յարգանքով» Ֆրանչիսկոս Պապ- Նախագահ Էրտողան հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի՝ 5 Փետրուար 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ՝ Երկուշաբթի 5 փետրուար 2018-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Թուրքիոյ նախագահ Տիար Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, որ Քահանայապետին հետ ունեցած տեսակցութենէն ետք հանդիպում ոնեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը՝ գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող հանդիպումներու ընթացքին արծարծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխադրած յարաբերութիւնները, խօսուեցաւ Երկիրն կացութեան մասին, Երկրին մէջ կաթողիկէ համայնքի իրավիճակի մասին ու գաղթականները հիւրընկալելու յանձնառուի մասին ու այս ծիրէն ներս այդ հարցեն յառաջացած խնդիրներու մասին։

Անդրադարձ կատարուեցաւ ապա Միջին Արեւելքի կացութեան մասին, յատկապէս շեշտը դնելով Երուսաղէմի կարգավիճակին վրայ, ընդգծելով հարկաւորութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը խթանելու երկխօսութեան ու բանակցութեան ուղիի միջոցաւ, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքի յարգանքով ու միջազգային իրաւունքի յարգանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.