2018-02-03 10:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը՝ «Նուիրեալ Կեանքի» նուիրուած սուրբ պատարագին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ՝ 2 փետրուար 2018-ի երեկոյեան «նուիրեալ կեանքի» 22-րդ համաշխարհային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը՝ որուն առթիւ արտասանեց յաւուր պատշաճի խօսքը, որուն մէջ նշեց թէ «Ծնունդէն 40 օրեր ետք կը տօնախմբենք Յիսուսին տաճար ընծայումը՝ որով Ան ընդառաջ կ՛երթայ իր ժողովուրդին։ Արեւելքի մէջ այս տօնը անուանուած է հանդիպումի տօն՝ նորութիւն բերող Մանուկ Աստուծոյ ու սպասումի մէջ մարդկութեան միջեւ հանդիպումը» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ «Տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենայ այլ հանդիպում մը՝ մէկ կողմէն Մարիամն ու Յովսէփը ու միւս կողմէն Ծերունի Սիմէոնն ու Աննան։

Մարիամ եւ Յովսէփ տաճարին մէջ կը գտնեն ժողովուրդին արմատները ու կը գտնեն հաւատքի արմատները, ապա տարեցներուն հետ հանդիպելով կը վերագտնեն իրենք զիրենք։ Մինչ ծերունիները իրենց կեանքի աւարտին կ՛ընդունին Յիսուսը որ իրենց կեանքին իմաստն է։

Այդ հանդիպման ընթացքին տարեցները կ՛իրականացնեն իրենց երազները մինչ երիտասարդները կը գիտակցին իրենց առաքելութեան ու այդ հանդիպման  կեդրոնը Յիսուսն է - յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց ներկաները նայելու իրենց զիրենք ու նկատելու  թէ «Ամէն ինչ սկիզբ առաւ Յիսուսին հետ հանդիպումէն։ Այդ հանդիպումը յիշատակի արժանի է  որպէսզի անդրադառնանք թէ այդ պահուն միայնակ չէինք, մեր հետ կար Աստուծոյ Ժողովուրդը՝ Եկեղեցին, երիտասարդներն ու տարեցները եւ այս ամէնը տեղի ունեցաւ Տիրոջ ներկայութեամբ։

Երբ Ան ներկայ է անակնկալ սքանչելիքներ կը պատահին, շարունակեց Սրբազան Պապը ու թելադրեց որ «այդ բաները Նուիրեալ Կեանքէն ներս իրականացնելու համար, հարկաւոր է վերյիշել թէ Տիրոջ հետ հանդիպումը կարելի չէ վերանորոգել առանց ուրիշին, երբեք զանց պէտք չէ ընել ուրիշը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու շեշտեց սերունդներու միջեւ երկխօսութիւնը ըսելով «Եթէ երիտասարդները կոչուած են նոր դուռեր բանալու ապա տարեցները ունին այդ դուռերուն բանալիները։ Եւ միաբանութեան մը երիտասարդութիւնը կը կայանայ անոր արմատներուն մէջ՝ մտիկ ընել տարեցներուն։

«Ապագայ չկայ եթէ տարեցներ եւ երիտասարդներ իրարու չի հանդիպին, չկայ արդարեւ աճ եթէ կը պակսին արմատները ու եթէ չի ծաղկին նոր ծիլեր» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու դիտել տուաւ թէ «այսօրուայ արագընթաց կեանքը մեզ կը մղէ փակելու հանդիպումի բազմաթիւ դռներ, յաճախ ուրիշէն վախի պատճառաւ» ըսաւ Ան ու յանձնարարեց որ այս մէկը չի կրկնուի կրօնաւորական կեանքէն ներս ՝ Աստուծոյ մեզի պարգեւած եղբայրն ու քոյրը պահպանուելիք պարգեւներ են - յարեց Ան ու յորդորեց «այնպէս չընել որ փոխանակ մեր եղբօր աչքերուն նայելու դիտենք մեզ հեռախօսին էքրանը եւ կամ փոխանակ Տիրոջ վրայ կեդրոնանալու կեդրոնանանք մեր անձնական ծրագիրներուն վրայ» որովհետեւ այդ պարագային կրօնաւորական կեանքը կը դադրի ծաղկելէ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ վերահաստատեց թէ կրօնաւորական կեանքը կը ծնի ու կը վերածնի Յիսուսին հետ հանդիպումէն ու բաղդատութիւններ ըրաւ աշխարհիկ  ու կրօնաւորական կեանքի միջեւ ընդգծելով թէ առաջինը կը ձգտի «սեփականացումի» մինչ երկրորդը կ՛ողջագուրէ ան որ մնայուն է։ Առաջինը կը հետապնդէ հաճոյքները երկրորդը կը ձերբազատի որեւէ սեփականացումէ որպէսզի ամբողջութեան սիրէ Աստուած եւ միւսները։

Կրօնաւորական կեանքը կ՛ընտրէ խոնարհ հնազանդութիւնը որպէս աւելի մեծ ազատութիւն եւ մինչ աշխարհիկ կեանքը շուտով դատարկ կը թողու ձեռքեր եւ սիրտը, Յիսուսի օրինակով կենցաղը՝ խաղաղութեամբ կը լեցնէ կեանքը, ուր տարեցները իրենց կեանքի աւարտին կը հասնին ուրախ՝ իրենց ձեռքերուն մէջ ունենալով Տէրը եւ իրենց սրտերուն մէջ երջանկութիւնը» հաստատեց Քահանայապետը ու աւելցուց «Ի՞նչ գեղեցիկ պիտի ըլլայ մեզի համար եւս մեր ափերուն մէջ գրկել Յիսուսը՝ նման Սիմէոնին։ Յիսուսին հետ հանդիպումը՝   գաղտնիքն է որ միշտ վառ կը պահէ հոգեւոր կեանքի ճրագը ու Յիսուսին եւ եղբայրներուն հետ հանդիպիլ՝ կը նշանակէ ապրիլ Աստուծոյ ներկան՝ բոլորին հետ խաղաղութեամբ։

Քահանայապետը ապա քարոզը եզրափակեց ակնարկելով Յիսուսի հետ այլ հանդիպումի մը։ Անոր Յարութենէն ետք գերեզմանին մօտ կիներուն հետ հանդիպումին։ Անոնք գացած էին հանդիպելու մեռեալի մը ու անոնց այդ ճանապարհորդութիւնը անիմաստ կը թուի։ Դուք եւս աշխարհի մէջ կը քալէք հակահոսանք. Աշխարհիկ կեանքը արդարեւ կը մերժէ աղքատութիւնը, հնազանդութիւնն ու ողջախոհութիւնը։ Սակայն դուք այդ կիներուն նման յառաջ ընթացէք ու անոնց նման երբ հանդիպիք Յարուցեալ եւ կենդանի Տիրոջ զայն ձեզի փաթթեցէք ու անմիջապէս զայն հռչակեցէք եղբայրներուն։ Այսպէսով դուք կը հանդիսանաք եկեղեցւոյ յաւերժ արշալոյսը, ու կը մաղթեմ որ այսօր իսկ վերակենդանացնէք Յիսուսին հետ ձեր այդ հանդիպումը, միասնաբար քալելով դէպի Տէրը. Այս մէկը վստահաբար լոյս պիտի ընծայէ ձեր աչքերուն եւ գորով ձեր քայլերուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապ եզրափակելով Քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.