2018-02-03 11:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «վաշխառութիւնը կը սպաննէ մարդը ու անիկա հին չարիք մըն է»


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 3 փետրուար 2018-ին,Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ  «վաշխառութեան դէմ ազգային խորհուրդի» աւելի քան 300 անդամները:

 Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը յարեց թէ ինք մօտէն կը հետեւի վաշխառութեան դէմ՝ ազգային խորհրդի անդամներուն  մղած  պայքարներուն ու անոնց  աշխատանքներուն,  որոնք վերջերս արդիւնաբեր դարձած են  շնորհիւ  ՝իտալիոյ  համայն տարածքին վրայ՝ վաշխառութենէ տառապող զոհերուն  ի նպաստ   նոր  կեդրոններու ստեղծումով - եւ որոնք  26 տարիներու հոլովոյթին ,  վաշխառութեան սպառնանքէն    փրկած են աւելի քան 25 հազար ընտանիքներ

Նորին Սրբութիւնը  ապա հաստատեց  թի վաշխառութիւնը  կը սպաննէ,  անիկա հին չարիք մըն  է որ տակաւին մխրճուած է նման օձի մը  որ խեղդամահ կ՝ընէ  զոհերը: 

Ան ապա վաշխառութեան կանխարգիլումի  համար անհրաժեշտ նկատեց չափաւոր ապրելակերպի   դաստիարակութիւնը,   որ գիտէ անօգուտը՝ անհրաժեշտէն զանազանել   ու պատասխանատու կը դարձնէ՝  պարտքեր չկատարել ՝ ստանալու համար այնպիսի  բաներ որոնցմէ  կարելի է  հրաժարիլ:     

Նորին Սրբութինը   ապա դիտել տալով  որ տնտեսական տագնապի հիմքը միշտ  կը գտնուի   կեանքի ըմբռնումի մը մէջ   որ  շահը ՝ անձին  կը գերադասէ,   ընդգծեց  թէ  մարդկային արժանապատուութիւնը,  բարոյականութիւնը , զօրակցութիւնը եւ հասարակաց բարիքը  պէտք են  տնտեսական քաղաքականութեան կեդրոնը ըլլան.

Ֆրանչիսկոս Պապ դատապարտելով վաշխառութիւնը  շեշտեց թէ անիկա   ծանր մեղք  կը համարուի-  որ կը սպանէ  կեանքը  , եւ կը հանդիսանայ դէպի կաշառակերութեան տանող ուղին ինչպէս նաեւ  արգելք՝ հասարակաց բարիքին:    

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ոյժ կարեւոր նկատելով  կաշառակերութեան դէմ ազգային խորհուրդի   անդամներուն մատուցած ծառայութիւնը՝ մերձաւորին հանդէպ   յորդորեց  որ անոնք  իրենց  հայեացքն  ու սիրտը միշտ սեւեռած պահեն Յիսուսին վրայ եւ կեդրոնանան աւետարանի էջերուն վրայ՝ ուր Յիսուս կը հանդիպի աղքատներուն, բորոտներուն -  մուրացկաններուն- ՝ զանոնք ոտքի  կանգնեցնելով  ու  վերադարձնելով  անոնց իրենց արժանապատուութիւնն ու  ապագան:

Քահանայապետը ապա  քաջալերեց երկխօսութիւնը՝   տնտեսական ծիրէն ներս պատասխանատուութիւն  ունեցող անձերուն  հետ,  իրականացնելու համար  նոր նախաձեռնութիւններ,  որոնք սատարեն  վաշխառութեան կանխարգիլումի պայքարին։  

 Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց  հրաւիրելով ներկաները  կեանքի կոչել  նոր տնտեսական մարդկայնապաշտութիւն մը,   որ վերջ  դնէ բացառութեան եւ անհաւասարութեան տնտեսականութեան, որ կը սպանէ եւ որուն մէջ մարդիկ կը դադրին մարդ ըլլալէ   ու կը համարուին գործիքներ կամ միջոցներ որոնք կը յառաջացնեն խոր անհաւասարակշռութիւններ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը եզրափակեց,  ներկաներուն շնորհելով իր օրհնութիւնն ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.