2018-02-02 09:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ «Նուիրեալ Անձերու» նուիրուած սուրբ պատարագին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ՝ 2 փետրուար 2018-ին, Տեառնընդառաջ է, կամ Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնը։ Արդարեւ ըստ Հրէական Օրէնքի` ամէն արու զաւակի ծնունդէն յետոյ, երբ կը լրանան սրբագործման քառասուն օրերը, նորածինին մայրը իր երեխայի հետ կ՛այցելէր Տաճար, զոհ կը մատուցանէր եւ օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն:

Այսպէս Ս. Աստուածամայրը քառասնօրեայ Յիսուս Մանկան հետ կը ներկայանայ Տաճար: Այս մասին կը յիշատակէ Ղուկաս Աւետարանիչը: Ներկայացնելով Յիսուսի կեանքի այս դրուագը՝ Աւետարանիչը կը պատմէ նաեւ Սիմէոն ծերունիին մասին, որուն Ս. Հոգիէն հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը:
Հայ Եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն, տօնին նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի նախատօնակ, որ կ՛աւետէ Տէրունի տօնին սկիզբը:

Նախատօնակի արարողութեան աւարտին՝ կը կատարուի հնաւանդ անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ՛օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը: Եկեղեցւոյ կանթեղներէն վերցուած կրակով կը վառուին խարոյկներ՝ իբրեւ Քրիստոս լոյսի խորհրդանիշ:

Սովորութիւն է նաեւ որ ամէն տարի Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի աշակերտները տեառնընդառաջի օրը այցելեն Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը ու անոր ընծայեն անդաստանի խարոյկին առթիւ օրհնուած մոմերը, ի յիշատակ այդ կարեւոր տօնին։

Տեառնընդառաջին տօնին օրը կը յիշատակուի նաեւ Նուիրեալ Անձերու՝ կրօնաւոր - կրօնաւորուհիներու համաշխարհային օրը որ այս տարի հասած է իր 22-րդ փուլին, եւ որուն առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ, յետմիջօրէի 5.30-ին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ նուիրեալ անձերու միաբերանութիւններու անդամներուն։ Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը կր բերեն նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան կուսանները։

«Կ՛ապրինք մարդկային պատմութեան յատուկ պահ մը որ կարիքը ունի իմաստ տալու կեանքի կոչումին» յայտնած է Նուիրեալ կեանքի Ժողովին կառավարիչը՝ Կարդինալ Տէ Ավիզ, դիտել տալով թէ կարիքը կայ ծրագրի մը, գոյութեան իմաստի աղբիւրի մը, լի ուրախութեամբ եւ յոյսով։ Մենք նուիրեալներս, շարունակած է ան, մկրտութեան փորձառութենէն սկսեալ, ներառուած Աստուծոյ ու Անոր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ժառանգներն ենք Եկեղեցւոյ կոչումին ու շնորհապարգեւներուն ժառանգութեան եւ ուրախութիւնն ու պարտականութիւնն ունինք  այդ  ժառանգութիւնը պաշտպանելու ու զարգացնելու»

Տօնախմբել Նուիրեալ Կեանքի համաշխարհային օրը առիթ է ՝ տօնակատարութեան, յանձնառումի ու աղօթքի՝ Տիորջ, նոր կոչումներու պարգեւին համար, որպէսզի անոնք  վերանորոգեն Եկեղեցւոյ ու աշխարհին դիմագիծը, հռչակեն Աւետարանի ուրախութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը՝ որ իմաստ կը պարգեւէ կեանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.