2018-02-02 09:10:00

Վանականութիւնը Հայոց պատմութեան հոլովոյթին


Ներսէս Շնոհալի իր Ընդհանրական Նամակին մէջ խօսքը ուղղելով կրօնաւորներուն, կը յիշեցնէ անոնց՝ թէ որն է անոնց առաքելութիւնը այս աշխարհի մէջ, եւ ապա կը մեղադրէ որոշ երեւոյթներ, որոնք մուտք գործած էին վանական կեանքէն ներս, շեղելով կրօնաւորներու ուշադրութիւնը անոնց ընտրած ճանապարհի իսկական նպատակէն, զանոնք ձգելով աշխարհական կամ նիւթական հետաքրքրութիւններու եւ մտահոգութիւններու մէջ։

Սուրբ Ներսէս կը գրէ՝ «Եւ արդ պիտի խօսինք ձեզի, կրօնաւորներուդ, դուք որ վարքով եւ բարքով վեր էք աշխարհէն, որ կը բնակիք վանքերու եւ մենաստաններու մէջ, որ ձեր աղօթքներով եւ վարքով աշխարհի սիւներն էք եւ պարիսպ՝ թշնամիին դէմ։» Ներսէս Շնորհալիի այս խօսքերէն կը տեսնենք, թէ որքան կարեւոր է կրօնաւորին աղօթքը բոլոր աշխարհի համար։ Երբ աշխարհ կը տատանի արհաւիրքներու եւ զանազան տագնապներու մէջ, կրօնաւորին աղօթքը իբր ամուր սիւն հաստատուն կը պահէ զայն. երբ թշնամին կամ չարը կը փորձէ մարդոց վնասել եւ կամ մարդիկ հեռացնել Աստուծմէ, կրօնաւորին աղօթքը իբր պարիսպ կը կանգնի՝ պաշտպանելու համար մարդը։

Ներսէս Շնորհալի կը շարունակէ իր խրատները, գանգատելով թէ ի´նչ նիւթական մտահոգութիւններ կը յուզէին կրօնաւորները, մինչ անոնց գերագոյն մտահոգութիւնը պէտք է ըլլար հոգեւորը։ Ան օրինակ մը բերելով կը գրէ՝ «Երբ այգիներու տէրեր, զանազան տեղերէ եկած կրօնաւորներ իրարու կը հանդիպին, զիրար ողջունելէ ետք չեն հարցներ հոգիներու առողջութեան եւ կամ ախտերու պատճառած հիւանդութիւններու մասին, եւ ոչ ալ դեւերու պատերազմի եւ խաղաղութեան մասին, եւ կամ թէ ի՞նչպէս կը ստանանք արտասուելու շնորհքը՝ աղօքթի պահուն, այլ կը հարցնեն թէ՝ այս տարի, ո´վ եղբայր, ինչպէ՞ս է քու տունկերուդ պտղաբերութինը, առաւե՞լ է կամ նուա՞զ։ Եւ միւսը թախծոտ սրտով կը պատասխանէ՝ ի´նչ ըսեմ, աղէտներ պատահեցան, ոմանք ճճիներէն վնասուեցան, ոմանց ծաղիկները թափեցան, ուրիշներ արեւակէզ ըլլալով՝ ողկոյզները չորցան, եւ ուրիշներ՝ նեխելով ապականեցան. եւ չեմ գիտեր թէ ի՞նչ ընեմ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այս պատահածներու վերջը։ Եւ ընկերը անոր թելադրելով՝ խրատ կու տայ, տունկերէն ոմանք որոնք պտղակորոյս կ'ըլլան՝ պատուաստել, եւ ուրիշներ զանազան փորձուած հնարքներով՝ պատահածներէն բժշկել։»

Խօսքը ուղղելով քահանաներուն, Ներսէս Շնորհալի կը գրէ՝ «Եւ որովհետեւ արժանի եղաք ձեր անձերը երկնային գործի տրամադրել, ոչ մէկ բանով պատճառ տուէք որ ձեր պաշտօնը արատաւորուի՝ ըստ առաքեալի խրատին, այլ արիաբար եւ յօժարամիտ սրտով, առանց ծուլութեան կատարեցէք սուրբ հայրերէն կարգաւորուած աղօթքի սահմանումները ըստ իւրաքանչիւր ժամու։ Եւ մաքուր հոգիով եւ սուրբ սրտով եւ անարատ հաւատքով եւ մեծ յոյսով եւ պարզ մտքով եւ կատարեալ ահով ու դողութեամբ սպասաւորեցէք աստուածային խորհուրդին եւ ոչ թէ անմտաբար խողովակի մէջէն հոսող ջուրի նման անցէք ձեր մատուցած աղօթքներու խօսքերուն խորհուրդներուն մէջէն, ըլլան անոնք սաղմոսերգութիւններ եւ կամ Սուրբ Գրքի ընթերցում, կամ պաշտօներգութիւն եւ Սուրբ Պատարագի քահանայական աղօթքը եւ այլ կարգաւորեալ կանոները, այլ կատարեցէք զանոնք յոյժ ուշադրութեամբ։ Եւ եթէ կարելիութիւն կայ, կատարեցէք այդ արցունքով եւ մեծ երկիւղով, անյպէս որ դուք նորոգապէս բղխեցնէք զանոնք ձեր սրտէն եւ մտքէն, որովհետեւ Աստուծոյ ուղղուած եւ մեզի Աստուծմէ տրուած զանազան եւ պէս պէս պարգեւներու եւ բարիքներու խնդրանքներ են անոնք։ Եւ Աստուած, որ բարիքներու պարգեւողն է, երբ տեսնէ խնդրողին ջերմեռանդ հայցուածները, առաւել եւ առատապէս կը շնորհէ խնդրուածը, այն խօսքին համաձայն, թէ՝ ʼԱն որ կը խնդրէ, կը ստանայʼ»։

Ներսէս Շնորհալի կը շարունակէ իր խրատները, անդրադառնալով հապճէպ, առանց պատրաստութեան կատարուած Սուրբ Պատարագին։ Ան կը գրէ՝ «Թող չըլլայ այնպէս, ինչպէս լսեցինք որոշ երկիւղ չունեցող քահանաներու մասին, որոնք կը բնակին քաղաքին մէջ, եւ առաւօտէն մինչեւ պատարագի ժամը կը շրջին քաղաքի շուկաներուն մէջ, վաճառքով եւ առեւտուրով, ուր բազմաթիւ նետեր կը հարուածեն հոգիները զգայարանքերէն մուտք գործելով՝ երբ կը տեսնեն եւ կը լսեն, երբ կը խօսին եւ անպատշաճ բաներ կը գործեն։ Եւ այնտեղէն դառնալով կը յանդգնին մտնել եկեղցիները, եւ այլ քահանաներու պատրաստած նշխարհներով, առանց սաղմոսներու եւ աղօթքներու, կը մատուցանեն պատարագը։ Անոնց կը պատուիրենք՝ ասկէ ետք հեռու մնալ այդպիսի աներկիւղ եւ չար սովորութիւններէ, եւ նախ սրբել միտքը՝ գիշերուան եւ ցերեկի աղօթքներով, ինչպէս վերեւ գրեցինք, եւ ապա մտնել սուրբ եկեղեցի եւ Աստուծոյ դէմ ելլել՝ Սուրբ Պատարագով»։








All the contents on this site are copyrighted ©.