2018-02-02 08:24:00

Լեհաստանի ծերակոյտը որդեգրած է օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ լեհերը մեղսակից նկատել Ողջակիզումին:


Լեհաստանի Ծերակոյտը որդեգրած է օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ լեհերը մեղսակից նկատել Ողջակիզումին: Օրէնքի հակառակորդները զայն կը նկատեն պատմութիւնը վերաշարադրելու փորձ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»:

Օրէնքը նաեւ կ՛արգիլէ Լեհաստանի տարածքին եղած նացիական ճամբարները անուանել «լեհական»: Ատոր համար կը նախատեսուի տուգանք կամ երեք տարուան բանտարկութիւն:

Որպէսզի օրէնքը ուժի մէջ մտնէ, զայն պէտք է ստորագրէ երկրին նախագահը:

Նշեալ օրէնքը արդէն յառաջացուցած է Իսրայէլի դժգոհութիւնը: Թել Աւիւ Լեհաստանը մեղադրած է պատմութիւնը վերաշարադրելու փորձի յանցանքով:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց օրէնքը` նշելով. «Իսրայէլի պետութիւնը բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ Լեհաստանի Ծերակոյտին կողմէ լեհ քաղաքացիներու` Ողջակիզումին մեղսակից նկատելը քրէականացնող օրէնքի որդեգրումը»:

«Իսրայէլին մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ փաստերը փոխելու եւ պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրելու որեւէ փորձ, եւ որեւէ օրէնք չի կրնար պատմութեան ընթացքին ընդունուած փաստերը փոխել», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կիրակի օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Լեհաստանին կոչ ուղղած էր հրաժարելու օրէնքը որդեգրելու մտադրութենէն:

«Ես կտրականօրէն դէմ եմ այդ օրէնքին: Կարելի չէ վերաշարադրել պատմութիւնը, Ողջակիզումի փաստը կարելի չէ ժխտել», ըսած էր Նեթանիահու իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.