2018-02-02 08:33:00

Դամասկոս Թրքական ուժերը կը նկատէ ներխուժող ու բռնագրաւող


Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «Սուրիան կը մերժէ թրքական վարչակարգին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1373, 1624, 1170 եւ 1178 բանաձեւերուն վրայ յենելու փորձերը, որովհետեւ այդ որոշումներէն ոչ մէկը կ՛արտօնէ այլ պետութիւններու գերիշխանութիւնը ոտնահարել եւ անոր հողերուն վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծել»:

«Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութիւնը Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան ու անոր հողերուն անվտանգութեան դէմ բացայայտ ներխուժում է եւ (ՄԱԿ-ի) ուխտի կանոններու խախտում», կը նշէ նամակը:

Նամակին մէջ նաեւ նշուած է. «Դամասկոս իր հողերուն վրայ առանց իր արտօնութեան որեւէ օտար ուժի ներկայութիւնը կը նկատէ ներխուժում ու բռնագրաւում, եւ ատոր հետ պիտի վարուի իբրեւ այդպիսին»:

Սուրիա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց որեւէ երկրի չարտօնել միջազգային օրէնքին հակասող կերպով բռնի ուժ կիրարկել եւ իր ներխուժումը արդարացնել ՄԱԿ-ի ուխտին յղում կատարելով, ինչպէս նաեւ չարտօնել, որ այդ ուխտը պատանդ մնայ ձեռքը այն պետութիւններուն, որոնք զայն կը մեկնաբանեն ըստ իրենց նեղ շահերուն, որոնք կը հակասեն ուխտի գիրին ու ոգիին:








All the contents on this site are copyrighted ©.