2018-02-01 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի աղօթքի դիտաւորութեան տեսանիւթի ներկայացում


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 1 փետրուար 2018-ին,  Հռոմի մէջ  Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի  կեդրոնատեղիէն ներս,  յետմիջօրէին ժամը 4,00ին,  մամլոյ ասուլիսին մը ընթացքին կը ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Պապին 2018 տարուան փետրուար ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան  քահանայապետական տեսանիւթը  որ  ունի որպէս նիւթ՝ կաշառակերութիւնը: Տեսանիւթը  իրականացուածէ համաշխարհային աղօթքի ցանցի կողմէ, համագործակցութեամբ Սուրբ Աթոռի վերոյիշեալ ժողովին:    

Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութեան նիւթը, որ առաջին անգամուան համար  պատրաստուած է  Հռոմի Քուրիայի ժողովին մը համագործակցութեամբ,  հանգրուան մըն է վատկանեան վերոնշեալ  ժողովին  կողմէ 15 յունիս 2017-ին քահանայապետական գիտութիւններու ակադեմիայէն ներս կազմակերպուած  կաշառակերութեան մասին միջազգային բանակցութիւններու գործընթացքին :

Նշենք թէ աղօթքի դիտաւորութեան տեսանիւթը  հանրութեան պիտի ներկայացուի նաեւ 3 փետրուար  2018ին ՝ յետմիջօրէին ժամը 5,00ին, «կաշառակերութիւնը ժողովրդավարութեան կոտորած» խորագիրով համագումարի մը ընթացքին զոր տեղի կ՝ունենայ Իտալիոյ  նափոլի քաղաքին մէջ  գտնուող «մաֆիայի» զոհ  «Աթթիլիօ Ռոմանօ» անուան դպրոցին մէջ :

Փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը  հետեւեալն է. 

Որպէսզի  բոլոր  անոնք որոնք նիւթական, քաղաքական կամ հոգեւոր իշխանութիւն ունին, թոյլ չի տան որ  կաշառակերութիւնը տիրապետէ անոնց վրայ։    








All the contents on this site are copyrighted ©.