2018-02-01 09:47:00

Պիելոռուսիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հնգամեայ կանոնական այցը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի՝ փետրուար մէկին, Պիելոռուսիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները՝ ս պետրոսի յաջորդին կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութեան  ծիրէն ներս հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Պիելոռուսիան ունի 207,600 քմ քառակուսի տարածք 9.504,700 բնակչութեամբ, որուն մեծամասնութիւնը՝ 48 առ հարիւրը օրթոտոքս եկեղեցւոյ կը պատկանին մինչ կաթողիկէները կը հաշուեն բնակչութեան14 առ հարիւրը ապա կան այլ փոքրամասնութիւններ՝ հրեաներ, բողոքականներ եւ մահմետականներ։

Պիելոռուսիոյ եկեղեցին ունի մէկ աւագ թեմ եւ երեք ենթաթեմեր ու 400 ժողովրդապետութիւններ։

Քրիստոնէութիւնը Պիելոռուսիոյ մէջ մուտք գործած է 10րդ դարուն  Օլկա Իշխանուհիի դարձէն ու մկրտութենէն ետք։ 1795-ին Պիելոռուսիային Ռուսիոյ միացումը յատկանշեց կաթողիկէներու դէմ հալածանքի սկիզբը։ 1830 – 1870 թուականներուն փակուեցան կաթողիկէ բոլոր վանքերը ու դաստիարակչական կեդրոնները։

Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք Պիելոռուսիոյ կաթողիկէ եկեղեցին ապրեցաւ վերազարթօնք մը. 1989-ի յուլիս 25-ին գերապայծառ Թատէուս Քոնտրուզիեվիչ կը նշանակուի Պիելոռուսիոյ կաթողիկէներու առաքելական հոգաբարձու եւ 1990-ին բացումը կը կատարուի Կրոտնոյի Աւագ Նորընծայարանին։ 

11 Նոյեմբեր 1992-ին կը վերահաստատուին Սուրբ Աթոռի եւ Պիելոռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները ու 1994-ին գերապայծառ Ակոսթինօ Մարքեթթօ առաքելական նուիրակ կը նշանակուի Պիելոռուսիոյ մէջ։

2001 կը բացուի երկրորդ նորընծայարան մը «Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի» անուամբ։ 2006-ին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կը վերադարձուի Մինսկի ամենահին սրբավայրը՝ «Սուրբ Երրորդութիւն» եկեղեցին։

21 մայիս 2016-ին Պիելոռուսիոյ նախագահ Լուքաշենքոն այցելութիւն տուաւ Վատիկան հանդիպում ունենալով Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, որուն ընթացքին զրոյցի նիւթ հանդիսացաւ Պիելոռուսիոյ մէջ Եկեղեցւոյ կեանքը  ու երկրի մէջ կաթողիկէներու ու օրթոտոքս հաւատացեալներու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.