2018-02-01 08:28:00

Մաքրոն կը զգուշացնէ Աֆրինի դէմ Թրքական գործողութեան բռնագրաւումի վերածուելէն


Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն զգուշացուց Աֆրինի դէմ թրքական գործողութեան բռնագրաւումի վերածուելէն, ինչ որ կրնայ իսկական խնդիր ստեղծել Սուրիոյ գերիշխանութիւնը չյարգելու առումով:

Մաքրոն ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն դարձեալ պիտի խօսի իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: «Աֆրինի դէմ գործողութիւնը Թուրքիոյ սահմաններուն դէմ ահաբեկչական հաւանական սպառնալիքի մը դէմ պայքարէն այլ ուղղութիւն ստացաւ եւ վերածուեցաւ ներխուժումի, ուստի այս գործողութիւնը մեզի համար իսկական խնդիր մըն է», ընդգծեց ան:

«Աֆրինի դէմ թրքական զինուորական գործողութիւնը եւրոպացիներուն եւ աւելի լայն տարողութեամբ դաշնակիցներու միջեւ քննարկումներ ու որոշումներու որդեգրում կը պահանջէ, որովհետեւ թրքական գործողութեան բնոյթը կը փոխուի, եւ այդ մասին է, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի խօսիմ Էրտողանի հետ», յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահը:

«Չենք կրնար գետնի վրայ անվտանգութեան հասնիլ առանց յարգելու Սուրիոյ գերիշխանութիւնը թշնամիի մը դէմ, որ ՏԱՀԵՇ-ը չէ, մանաւանդ որ քիւրտերը ժիհատականներու դէմ կռիւին մէջ Արեւմուտքին դաշնակիցներն էին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Էրտողանի հետ խիստ խօսելուն իր նպատակը քիւրտերուն` փրկուելու համար սուրիական կառավարութեան ու անոր դաշնակից ռուսերուն դիմելը կանխարգիլելն է:

Աւելի ուշ, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ պատասխանեց Մաքրոնի յայտարարութեան` հերքելով, որ Թուրքիան կը ջանայ բռնագրաւել Սուրիոյ մէջ տարածքներ: «Ամբողջ աշխարհը պէտք է գիտնայ, որ Թուրքիան բացարձակապէս բռնագրաւումի տրամաբանութեամբ չի շարժիր, եւ ատոր կարելի է համոզուիլ նայելով «Եփրատի վահան» գործողութեան», ըսաւ ան








All the contents on this site are copyrighted ©.