2018-01-31 14:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Ռուսիոյ Դաշնութեան եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 29 յունուար 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ դաշնութեան եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն հետ:  Հանդիպումէն մէկ օր ետք Ռուսիոյ դաշնութեան,  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ Գերապայծառ Փաուլօ Փեցցի Վատիկանի  «vaticannews» լրատու  գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ռուսիոյ դաշնութեան եպիսկոպոսներուն հետ կայացած հանդիպումի ու այս առթիւ շօշափուած նիւթերուն մասին:    

Գերապայծառ Փաուլօ Փեցցի  փոխանցմամբ  Ֆրանչիսկոս Պապ Ռուսիոյ եպիսկոպոսներէն խնդրած է որ անոնք նեցուկ կանգնին՝ Աստուծոյ խօսքին կարօտ ունեցող ժողովուրդին: 

Նորին Սրբութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ ուզած է իմանալ Ռուսիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն, որպէս հովիւ եւ որպէս եպիսկոպոս  վարած կեանքին մասին , ու անոնց հովուական ծառայութեան գործունէութեան մասին:  Քննարկումի նիւթ եղած է եպիսկոպոսներու ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին նկատմամբ  մօտեցումի առաքելութիւնը ու այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ ընդգծած  է որ հովիւները պէտք են իրենց ոչխարներուն մօտ գտնուին։     

Ռուսիոյ դաշնութեան,  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ Գերապայծառ Փաուլօ Փեցցի ապա անդրադարձած է Ռուսիոյ մէջ Կաթողիկէ -  Օրթոտոքս եկեղեցիներու ներկայ յարաբերութեան՝  նշելով որ

երկու տարի առաջ  Քուպայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ  Պատրիարքի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք երկու երեկեցնելու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդուած է յատկապէս մարդասիրական   գործունէութիւններու ծիրէն ներս: Կեանքի պաշտպանութեան ծիրէն  ներս Երկու եկեղեցիները կը համագործակցին    թմրամոլութենէ տառապող  երիտասարդներու  խնամակալական ծառայութիւն ապահովեցնելու, մինչ ընտանեկան շրջանակէն ներս  իրականացուած են զանազան ծրագիրներ որոնց մէջ ներգրաւած են Ռուսիոյ  կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս հաւատացեալները կարելիութիւն տալով նաեւ աշխարհի այլ երկիրներու  կաթողիկէներուն իրենց սատարը բերելու այդ ծրագիրներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.