2018-01-31 08:12:00

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն Քահանայապետական հիմնարկը Եգիպտոսի մէջ։


 (Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկի տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ, վերջերս այցելեց Եգիպտոսը ուր հանդիպում ունեցաւ Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցւոյ Թաուատրոս Բ Պատրիարքին հետ ու այցելեց Ղպտի կաթողիկէ համայնքը ու ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքով վնասուած եկեղեցիները։ Ճամբորդութենէն վերադարձին Մոնթետուրօ յայտարարեց թէ. «Եգիպտոսի մէջ հալածուած քրիստոնեաները, կենդանի հաւատքի մը վկաներն ու մարտիրոսներ են։ Անոնք համայն Եւրոպայի համար օրինակ են, Եւրոպա մը ուր մի գուցէ հաւատքը նսեմացած է»  ըսաւ Ան պատմելով թէ  հանդիպեցաւ տառապող սակայն հաւատքի մէջ հաստատ համայնքներու հետ։ Տառապանքը զանոնք չի հեռացուց Քրիստոսէն։ Հանդիպեցայ արտակարգ ուժի մը որ մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար օրինակ ըլլալու է - ըսաւ Մոնթետուրօ որ ապա կոչ ուղղեց վախ չունենալու եւ այցելելու Եգիպտոսը, ուխտագնացութիւն կատարելու այն վայրերուն ուր ապրեցաւ Սուրբ Ընտանիքը՝ դիտել տալով թէ ահաբեկչական արարքներէն ետք ապահովութիւնը աւելիով ամրապնդուած է։

Կաթողիկէ Ղպտի Պատրիարքը ուզեց որ մենք փոխանցենք հետեւեալ պատգամը՝ «Ձեզ կը սպասենք Եգիպտոսի մէջ. Մենք պէտք ունինք ձեզի։ Փափաքն ունինք մեզ միացած զգալու ձեր հետ» - հաստատեց Մոնթետուրօ։ 

Յայտենք թէ 2013-էն ասդին, թուականը՝ երբ  Իսլամ Եղբայրներու ձեռքով բռնկուեցան 65 եկեղեցիներ, տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկը, մինչեւ օրս Եգիպտոսի մէջ ներդրումներ կատարած է 2 միլիոն եւրոյի արժողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.