2018-01-30 08:24:00

Արամ Ա. այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան կեդրոնը


Երկուշաբթի, 29 յունուար 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ միաբան հայրերու, այցելեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին:

Երկու կրօնական կեդրոններուն մէջ եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները, հոգեւոր հայրերու ներկայութեան, կեդրոնացան ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք եւ միջհամայնքային գործակցութեան առնչուած հարցերու վրայ:

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց մեր ազգին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը` յիշեցնելով, որ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները քրիստոնէական, ազգային ու մշակութային նոյն արմատները, աւանդութիւնները, մտահոգութիւնները եւ մարտահրաւէրները ունին. հետեւաբար անհրաժեշտ է համախմբուիլ մեր ազգը եւ հայրենիքը միացնող արժէքներուն ու ձգտումներուն շուրջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.