2018-01-29 12:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 29 յունուարի քարոզը «Չի կայ իսկական խոնարհութիւն առանց նուաստացումի»


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 29 յունուար 2018-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց իսկական խոնարհութեան վրայ օրինակ բերելով Դաւիթ Թագաւորը որ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մեծ էր ունէր վեհանձն հոգի ու միեւնոյն ատեն սակայն մեղաւոր մըն էր ու սակայն Եկեղեցին զայն կը մեծարէ որպէս սուրբ որովհետեւ թոյլ տուաւ որ տէրը փոխակերպէ զինք ու թոյլ տուաւ որ ներում ստանայ զղջումի ներգործութիւնը կատարելէ ետք։ Դաւիթ կրեց նուաստացումի ամօթը, իր հարազատ զաւակը իր դէմ յեղափոխութիւն մղեց ու Դաւիթ փախուստ տուաւ եւ ընդունելով այդ նուաստացումը մաղթեց որ Տէրը գթար իր վրան

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ խոնարհիլ չի նշանակեր մեր գլուխ ծրած  կամ  մեր աչքերը գետին սեւեռած քալել: Այս տեսակ խոնարհութիւնը   կեղծ է ըսաւ Ան որովհետեւ   որ ոչ սիրտը կը պաշտպանէ ոչ ալ կը փրկէ աւելցուց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ չի կայ իսկական խոնարհութիւն առանց նուաստացումի, ու այդ նուաստացումի հանդուրժողութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա դիտել տուաւ,  որ յաճախ փորձութիւնը ունինք  պայքարելու մեր դէմ կատարուած չարախօսութիւններու ու  նուաստացումի արարքներուն դէմ  ու առաջարկեց հետեւիլ Դաւիթի ուղիին այն յոյսով որ Յիսուս գթայ մեր վրայ եւ այդ նուսատացումը վերածենք յոյսի։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց իր քարոզը հրաւիրելով Տիրոջմէ հայցել խոնարհութեան շնորհքը ու այդ մէկը ընել հեզութեամբ ու նուաստացումի հոգիով որովհետեւ վերահաստատեց Քահանայապետը «չկայ խոնարհութիւն առանց նուաստացումի»








All the contents on this site are copyrighted ©.