2018-01-29 12:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Անտարբերութիւնը մեր ժամանակուան վարակիչ համաճարակն է»


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 29 յունուար 2018-ին, Հռոմի մէջ տեղի կ՝ունենայ միջազգային դասախօսութիւն՝ հակասեմականութեան դէմ մղուած պայքարին մէջ պետութիւններուն, հաստատութիւններու եւ անհատներուն պատասխանատուութեան մասին: Դասախօսութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Պետական Պատուիրակութիւններ,  հաստատութիւններ ինչպէս նաեւ կրօնապետեր ու համայն աշխարհէն քաղաքացիական ընկերութիւններ: 

Այս առթիւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, երկուշաբթի 29 յունուար 2018-ին՝ առաւօտեան, Վատիկանի «Քոնչիսթորօ» անուան դահլիճին մէջ ընդունեց վերոնշեալ միջազգային դասախօսութեան մասնակիցները ու  անոնց յղած ողջոյնի խօսքին մէջ բարձր գնահատեց  անոնց ազնուական ու բարձր նպատակը որ է միասնաբար մտածել, ու զանազան տեսանկիւններէն դիտել  պետութիւններու, հաստատութիւններու եւ անհատներու հակասեմականութեան դէմ մղուած պայքարի ծիրէն ներս  պատասխանատուութիւնը, շեշտը դնելով «պատասխանատուութիւն» բառին վրայ:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ՝  որ  թշնամին-  որուն դէմ պէտք է պայքար մղել միայն ատելութիւնը չէ՝ իր բոլոր ձեւերով,  այլ է նաեւ անտարբերութեան երեւոյթը, որովհետեւ անտարբերութիւնը ամէն ինչ անշարժ կը դարձնէ եւ արգելք կը դառնայ կատարելու այն ինչ որ արդարացի է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ անտարբերութիւնը նկատելով վտանգաւոր համաճարակ  որ կը վարակէ մեր ապրած  ժամանակաշրջանը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մէջբերեց Սուրբ Գիրքէն՝  Կայէնին օրինակը  որ իր  եղբայրը սպաննելէն ետք հարց տուաւ ինքնիրեն թէ «արդեօք ես եմ իմ եղբօրս Պահապանը» Ծննդոց  (cfr Gen 4,7) ու ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը Կայէնին անտարբերութեան  ու  անհոգութեան հոգին  նկատեց որպէս մահուան արմատ որ  լռութիւն ու յուսահատութիւն կը յառաջացնէ ինչպէս է նաեւ պարագան Աուշվիզի՝  Հրեաներու համակեդրոնացման վայրը ուր այնտեղ տիրող լռութիւնը կը յառաջացնէ միայն արտասուք ու աղօթք հուսկ ներումի խնդրանք։  

Ֆրանչիսկոս Պապ այդ անտարբերութեան երեւոյթին,   որպէս հակաթիւն առաջարկեց «յիշողութիւնը» ու շեշտը  դրաւ  յիշատակումի  վրայ զայն նկատելով որպէս՝ դէպի  ապագայ մտնելու բանալի, հարկաւոր է արժանաբար յանձնել ապագայ սերունդներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր ճառը քաջալերով մշակելու պատասխանատուութեան ու յիշատակումի մշակոյթ մը : Յորդորեց  հաստատել  անտարբերութեան դէմ դաշինք մը,  անհրաժեշտ նկատելով երիտասարդ սերունդներուն դաստիարակութիւնը եւ անոնց ներգրաւումքը ատելութեան  եւ խտրականութեան դէմ մղուած պայքարներին մէջ.

«Պատրաստելու համար իսկական մարդկային ապագայ մը,  բաւարար չէ հրաժարիլ կամ  ետ մղել չարը այլ պէտք է միասնաբար կառուցել  բարին»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին աւարտին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.