2018-01-29 09:20:00

Սորոս դիմատետրն ու «Կուկըլ»-ը սպառնալիք կը նկատէ հասարակութեան համար


Դիմատետր եւ «Կուկըլ» ընկերութիւնները վտանգ կը ներկայացնեն հասարակութեան համար, յայտարարած է միլիառատէր Ճորճ Սորոս` Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պիզնըս Ինսայտըր»-ը:

«Անոնք դիտաւորեալ կերպով կախուածութիւն կը ներդրեն իրենց ծառայութիւններուն մէջ: Ատիկա կրնայ շատ վնասակար ըլլալ, յատկապէս` երիտասարդութեան համար: Նմանութիւն կայ համացանցային հարթակներուն եւ բախտախաղերուն միջեւ: Խաղատունը մշակած է միջոցներ խաղացողներէն բոլոր գումարները վերցնելու համար, նոյնիսկ այն գումարները, որոնք անոնք չունին», յայտարարած է գործարարը:

Միլիառատէրը նշած է. «Ընկերային ցանցերու ընկերութիւնները կ՛ազդեն այն բանի վրայ, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը մտածեն ու կը վարուին, եւ մարդիկ այդ մասին չեն իսկ կռահեր»: Ան աւելցուցած է, որ այդ ընկերութիւնները հեռահար բացասական հետեւանքներ ունին ժողովրդավարութեան վրայ, մասնաւորաբար` ընտրութիւններու:

Բացի ատկէ, անոր կարծիքով` Դիմատետրը եւ «Կուկըլ»-ը «մենաշնորհներ» կը դառնան եւ կը սպառնան «մտքի ազատութեան»:

«Ընկերային ցանցերը մարդոց կը ստիպեն հրաժարիլ ինքնավարութենէն, իսկ մարդոց ուշադրութիւնը ձեւաւորող ուժը ա՛լ աւելի կը կեդրոնանայ փոքրաթիւ ընկերութիւններու ձեռքը», նշած է Սորոս:








All the contents on this site are copyrighted ©.