2018-01-29 09:11:00

Պքերքէի մէջ «լիբանանցիները կը դիմագրաւեն տնտեսական վատ պայմաններ» ըսաւ Ռաի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ նշեց, որ լիբանանցիները կը դիմագրաւեն տնտեսական վատ պայմաններ` նկատի ունենալով անգործութիւնը: Ան գնահատեց այս կացութիւնը փոխելու իմաստով լիբանանցի պատասխանատուներուն ի գործ դրած ճիգերը` աւելցնելով սակայն, որ անոնք իրաւունք չունին իրարու միջեւ լարուածութիւնը պահելու եւ գժտուած մնալու, ինչպէս նաեւ փոխադարձ ամբաստանութիւններ կատարելու:

«Ոչ ոք իրաւունք ունի ազգային որոշումը իւրացնելու եւ զայն բոլորին պարտադրելու: Այս չէ Լիբանանի ժողովրդավարական վարչակարգը, որ կը յատկանշուի իր բազմազանութեամբ, մարդկային իրաւունքներու տարածումով եւ տարբեր քաղաքակրթութիւններուն հետ քայլ պահելով», ըսաւ ան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.