2018-01-27 12:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Իտալական Կարմիր խաչի անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 27 յունուար 2018-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական Կարմիր Խաչի կազմակերպութեան աւելի քան 7000 անդամներ:

Այս առթիւ արտասանած խօսքին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց  Կարմիր խաչի Իտալիոյ մէջ մատուցած անփոխարինելի եւ թանկագին ծառայութիւնը,  արժեւորելով  կամաւորներուն գործելակերպն ու հոգին , որոնք կը նպաստեն  աշխարհի մէջ տարածելու  աւելի  զօրակցական  նոր մտայնութեան :

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդհանուր ակնարկ կատարեց Կարմիր Խաչին մատուցած ծառայութիւններուն մասին՝ զանազան դժուարին կացութիւններուն մէջ,  ինչպէս՝  երկրաշարժի եւ բնական աղէտներուն ընթացքին ապա  անդրադարձաւ  կարմիր Խաչին՝ Իտալիա հասած գաղթականներուն ընծայած ծառայութիւններուն,    նկատելով զանոնք որպէս  մարգարէական նշան ու յոյժ կարեւոր ՝ այսօրուան աշխարհին համար:

Քահանայապետը ապա ակնարկեց կամաւորի առաքելութեան,   որ կանչուած է ծնրադրելու բոլոր անոնց  առջեւ որոնք կարիքը ունին ՝ սիրով եւ անշահախնդիր  կերպով, սոյն առաքելութեան հոգին նմանեցնելով Աւետարանի  բարի Սամարացիին,  ու դիտել տալով Յիսուսի՝ Բարի Սամարացիի առակի անսահման  հարստութիւնը որ թանկագին լոյս կը շնորհէ  Կարմի Խաչի գործունէութեան ապա  թուեց  Կարմիր Խաչի սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքներուն  կարեւորագոյնը   ՝ որ է  «մարդկայնութիւնը», դիտել տալով որ Կարմիր խաչի անդամներուն մարդկայնութեան հոգին -    որուն միջոցաւ անոնք իրենց ուսերուն վրայ կը կրեն  մարդոց ցաւերը- կը նմանի  բարի Սամարացիին  միեւնոյն մարդկայնութիւն- որ զայն  մղեց ծունկի գալու վիրաւորուած մարդուն առջեւ ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ   աշխարհի մէջ  կան բազմաթիւ  մանուկներ, մարդիկ, տարեցներ , կիներ, այր մարդիկ որոնց չէ  ճանչցուած  եզակի ու  անկրկնելի դիմագիծերը, որոնք   անտեսանելի մնացած են՝ անտարբերութեան շուքին մէջ թաքնուած ըլլալու պատճառաւ: Այնուհետեւ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ  «անտարբերութեան մշակոյթին վրայ» զայն նկատելով  անանուն  եւ առանց կապերու մշակոյթ:

 Նորին Սրբութիւնը ապա ներկայացուց կարմիր խաչի սահմանադրութեան երկու այլ կարեւոր  սկզբունքներ-  անկողմնակալութեան սկզբունքը - որ կը մղէ գործելու՝ առանց ազգային, ցեղային կամ կրօնային խտրութեան եւ որ ունի որպէս հետեւանք  չէզոքութեան սկզբունքը,  որուն միջոցաւ կարմիր խաչը չէզոք կեցուածք կ՛որդեգրէ հակամարտութիւններուն ընթացքին ինչպէս ըրած էր ըսաւ Բարի Սամարացին որ գետին գտնուող մարդուն  առջեւ ծնրադրեց  առանց հարցադրելու անոր իր  ծագումին  ու դաւանած  հաւատքին մասին: 

Ֆրանչիսհոս Պապ ապա դիտել տուաւ որ  Բարի Սամարացիին դիմագիծին ետեւ  կայ նոյնինքն Յիսուսի դիմագիծը: Յիսուս   ծունկի եկաւ  մարդկութեան առջեւ ու  բոլոր անոնց առջեւ  որ  ուզեց եղբայրներ կոչել՝ առանց որեւէ խտրութիւն կատարելու,  այլ իր Փրկութիւնը շնորհելով համայն մարդկութեան

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խօսքը նշեց թէ Իտալական կարմիր խաչը , Միջազգային կարմիր խաչի եւ Կիսալուսին խաչի հետ կը բաժնեկցի մարդկայնութեան-, հաւասարութեան եւ չէզոքութեան սկզբունքները- եւ ընդգրկելով 190 ազգային շարժումներ ան կը կազմէ միջազգային անհրաժեշտ համացանց մը՝ համակարգելու եւ համաշխարհայնացնելու համար շտապ օգնութիւնները, որոնք կը նպաստեն  փոխհասկացողութեան,  բարեկամութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեան  ինչպէս նաեւ մշտական խաղաղութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.