2018-01-27 09:43:00

Նախագահին զեկուցած են սպասուող 3 մեծ նախաձեռնութիւններու կազմակերպման մասին


Նախագահական նստավայրին մէջ 26 յունուարին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին պատասխանատուները զեկուցած են 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք կարեւորագոյն պետական երեք մեծ նախաձեռնութիւններու` Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն եւ Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Զեկուցումները ներառած են նաեւ նախորդ 21 հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքը:

Խորհրդակցութեան սկիզբը նախագահ Սարգսեան նշած է, որ կ’ակնկալուի առարկայական զեկուցում` ինչպէս կազմակերպական, այնպէս ալ բովանդակային եւ տնտեսական հարցերուն գծով, քանի որ, ըստ անոր, տուեալ նախաձեռնութիւններուն շատ ժամանակ չէ մնացած արդէն, եւ անհրաժեշտ է ամենայն պատասխանատուութեամբ վերաբերիլ ու բծախնդրութեամբ պահպանել աշխատանքներուն ժամանակացոյցը: Անկախութենէն ի վեր նման տարողութեամբ պետական նախաձեռնութիւններու պատշաճ կազմակերպումը, նախագահին համաձայն, Հայաստանի համար պիտի դառնայ իւրօրինակ հասունութեան քննութիւն:

11-12 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք  Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն, այդ ծիրին մէջ ծրագրուած նախաձեռնութիւններուն մասին զեկուցած է արտաքին գործոց նախարար, հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով ստեղծուած միջնախարարական յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Նալբանդեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն նախապատրաստութեան գծով ցարդ կատարուած աշխատանքներուն եւ տօնին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրի նախագիծով առաջարկուող նախաձեռնութիւններուն մասին զեկուցած է կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար, Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով ստեղծուած պետական յանձնախումբի քարտուղար Վահէ Ստեփանեանը:

Երեւանի քաղաքապետ, հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով ստեղծուած յոբելենական յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Տարօն Մարգարեան ներկայացուցած է 29-30 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի համաքաղաքային տօնակատարութիւններու ձեռնարկներու ծրագիրն ու ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքները:

Խորհրդակցութեան մասնակցող շահագրգիռ նախարարութիւններու ներկայացուցիչները, իւրաքանչիւրը իր բաժինով զեկուցած է հանրապետութեան նախագահին մօտ տեղի ունեցած նախորդ խորհրդակցութեան ընթացքին տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքին եւ կատարուելիքներուն մասին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.