2018-01-27 08:45:00

Հրէաներու ողջակիզումի զոհերու յիշատակումի միջազգային օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր՝ 27 յունուարին,  կը նշուի Հրէաներու ողջակիզումի զոհերու միջազգային օրը։ Այս յիշատակի օրը որդեգրուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 2005-ին։ Մինչ՝ Իտալիոյ  խորհրդարանը այդ «օրը» ընդունած է 2000 թուականին, յիշատակելու համար Հրէաներու ողջակիզումը, անոնց կրած հալածանքները ու այն Իտալացիները որոնք բռնի տեղահանութեան ենթարկուեցան, բանտարկուեցան եւ մահացան, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որ ընդդիմացան այդ ողջակիզումի ծրագրին եւ ի գին իրենց կեանքին փրկեցին բազմաթիւ այլ կեանքեր։

Եւրոպայի Հրէաներու ողջակիզումի յիշատակումի օրը ընտրուած է,  Սովետական միութեան բանակին կողմէ Աուշվիցի դարպասներու կործանումին  օրը՝ 27 յունուար 1945ը։

Այս օրուան առթիւ, Իտալիոյ զանազան քաղաքներուն  մէջ տեղի կ՝ունենան  դասախօսութիւններ, կը կատարուին հրէական թանգարաններու եւ տաճարներուն կազմակերպուած այցելութիւններ, ապա  դպրոցներուն մէջ կը կազմակերպուին զրոյց հանդիպումներ, խօսելու համար պատմութեան այդ տխուր դէպքի մասին, ու այնպէս ընելու որ՝ յիշողութիւնը օգնէ, որպէսզի նման իրադարձութիւններ այլեւս երբեք չի կրկնուին ապագային մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.