2018-01-27 08:42:00

Կարդինալ Ֆարրել ընտանիքներու իններորդ միջազգային հանդիպումի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Իռլանդայի Տուպլին քաղաքին մէջ, տարւոյս 22էն մինչեւ 26 օգոստոս, տեղի պիտի ունենայ ընտանիքներու իններորդ միջազգային հանդիպումը։  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի «Սիրոյ Ուրախութիւնը» յորդորը պիտի ըլլայ այս հանդիպման կեդրոնական նիւթը։ Սրբազան Հայրը հարց տուած էր՝ թէ արդեօք «Աւետարանը կը շարունակէ՞ ըլլալ ուրախութիւն՝ աշխարհի համար. ընտանիքը կը շարունակէ՞ ըլլալ աւետիս՝ այսօրուան աշխարհին»։

Այս առնչութեամբ՝ Հինգշաբթի, 25 յունուարին, Վատիկանի Մամլոյ Դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը որուն ընթացքին Ծիրանաւոր Քեւին Ֆարրել, ընտանիքներու միջազգային քրիստոնէականներու ներկայացումին առիթով  յիշեցուց  թէ« ընտանիքը տակաւին աւետիսն է ներկայ ժամանակին մէջ»։

Կարդինալ Ֆարրել, ղեկավարը Սուրբ Աթոռի Աշխարհականներու Բաժանմունքին, բացատրեց, թէ ընտանիքը այն կեանքն է, որուն վստահուած է յիշեալ ձեռնարկը։ Ընտանիքը՝ Աւետարանի եւ աշխարհի յարաբերութեան օղակն է, - ըսաւ Ան աւելցնելով, թէ Սրբազան Պապի երազանքն է, «Եկեղեցի մը որ փակուած չի մնար, ազատ ինքնայղումէ եւ ողորմած։»

Ծիրանաւորը  նկատել տուաւ, թէ Տուպլինի հանդիպումին մասնաւորապէս պիտի կենդրոնացուի Սրբազան Պապի «Սիրոյ Ուրախութիւնը» յորդորին վրայ, յատուկ կերպով լուսարձակի տակ դնելով քրիստոնէական ամուսնութեան գեղեցկութիւնը, առանց մոռնալու դժուարին եւ ցաւալի պայմանները, ուր Եկեղեցին, Սրբազան Պապի խօսքերով՝ «պէտք է ընկերակցի, յստակէ եւ ներգրաւէ»։

Կարդինալ Ֆարրել, ապա ընդգծեց, թէ սէրը կորիզն է պատրաստուած քրիստոնէականին եւ ընտանիքներու հանդիպման։ Ընտանեկան կեանքը կարեւոր է ազգի մը եւ ընկերութեան մը համար։ Ան ըսաւ «շատ անգամ կը խօսինք ընկերային խնդիրներու մասին։ Այս խնդիրները շատ անգամ կը ծնին ընտանեկան կեանքէն ներս։» Եկեղեցին այս ուղղութեամբ մասնաւոր ճիգ կը թափէ, եւ ասոր համար կազմակերպուած էին ընտանիքի նուիրուած երկու սիւնհոդոսները, որոնց հիման վրայ հրապարակուեցաւ Սրբազան Պապին յորդորը։

Ծիրանաւորը դիտել տուաւ թէ Յորդորը կը ներկայացնէ ընտանիքը, սկսեալ Աստուածաշունչէն մինչեւ մեր օրերը։ Իսկ յորդորի բանավէճի ենթակայ մասեր էական չեն։Ան ապա նկատեց, թէ շատ մը զոյգեր կան, որոնք կ՛ուզեն հասկնալ, թէ ինչպէ´ս կարելի է փրկել իրենց ամուսնական կեանքը, ինչպէ´ս կրնան ընտանիք կազմել՝ լի սիրով եւ ողորմածութեամբ։ Արդ պէտք չէ բացասական պարագաներու մէջ խորանալ, այլ պէտք է նայիլ թէ ինչպէս կարելի է կերտել ընտանիքը՝ սիրով։

Չարաշահումներու պատճառած գայթակղութիւններու շուրջ ուղղուած հարցումի  մը պատասխանելով, Ծիրանաւորը ըսաւ, թէ Եկեղեցին վախ չունի դիմագրաւելու հարցերը։ Պէտք է ճանչնալ կատարուածը, պէտք է օգնել զոհերուն, ինչպէս նաեւ պէտք է դաստիարակել անհատները, որպէս զի այդպիսի դէպքեր երբեք չպատահին ապագային։ Կարդինալ Ֆարրել նշեց նաեւ թէ այս խնդիրը միայն Եկեղեցւոյ չի հայիր այլ ամբողջ ընկերութիւնը կը ներգրաւէ։

Տուպլինի հանդիպումին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Պոսթոնի արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Փաթրիք Օ'Մալլի, որուն Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնած է Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի ղեկավարութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.