2018-01-26 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Հաւատոյ Ժողովի լիագումար նիստի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 26 յունուար 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի լիագումար նիստի մասնակիցները եւ այս առթիւ անոնց ուղղեց ճառ մը որուն մէջ ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար ու գնահատեց անոնց աշխատանքը ու նուիրական ծառայութիւնը՝ որով թիկունք կը կանգնին եպիսկոպոսներու առաքելութեան, յատկապէս հաւատոյ դաւանանքի ու  խորհուրդներու ճշգրիտ մատակարարման ծիրէն ներս։

Սրբազան Պապը մատնանշեց ներկայ ժամանակներուն մէջ մարդուն ապրած «շփոթութեան» ուր ան «այլեւս չի գիտեր թէ ո՞վ է ու դժուարութիւն ունի գիտակցելու թէ ո՞րն է բարին», ըսաւ Սրբազան Պապը ու նշեց թէ այս ծիրէն ներս Հաւատոյ Ժողովին պարտականութիւնը վճռորոշ կը դառնայ, յիշեցնելու համար մարդուն հայեցողական կոչումը ու հիմնական կապը՝ անոր բանականութեան, ճշմարտութեան ու բարիի հետ, որով կը ներկայացուի Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ հաւատքը։

«Ոչ մի բան կարող է օգնել մարդուն ինքզինք ճանչնալու ու հասկնալու Աստուծոյ ծրագիրը աշխարհին համար, աւելի քան անոր բանականութեան բացուածքը այն լոյսին զոր կու գայ Աստուծմէ» յարեց Սրբազան Պապը ու գնահատեց Ժողովի իրականացուցած ուսումնասիրութիւնները հայող՝ քրիստոնէական փրկութեան իմաստին, ի տես այսօրուայ տարածուած այն միտումներուն որոնք կը հիմնուին ու ցոլացումն են անհատականութեան մը որ փրկուելու համար կը դիմէ միայն իր սեփական ուժերուն։

«Մինչ մենք կը հաւատանք թէ փրկութիւնը կախեալ է Յարուցեալ Քրիստոսի հետ հաղորդութենէն ու Անոր Սուրբ Հոգիին պարգեւէն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով ապա լիագումար նիստի աշխատանքներուն ու նիստի ընթացքին արծարծուած հարցերուն որոնց շարքին «մահացու հիւանդներուն» ընկերանալու հարցը եւ «հեշտամահը» զոր՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, շատեր կը նկատեն որպէս «քաղաքակրթութեան» ընտրանք, ու այս մէկը քննադատելով շեշտեց թէ մարդկային կեանքը ունի արժանապատուութիւն մը ու թէ անոր ծնունդէն մինչեւ բնական վերջը՝ այդ արժանապատուինը կը մնայ անձեռնմխելի։

«Ցաւը, տառապանքը, կեանքի ու մահուան իմաստը իրականութիւններ են որ ժամանակակից մտածելակերպը յոյսի հայեացքով կարող չէ դիմագրաւել» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով թէ առանց յոյսի մը՝ որ օժանդակէ դիմագրաւելու համար ցաւն ու մահը, մարդը կարող չէ լաւ ապրիլ ու ապագային նկատմամբ ունենալ վստահութիւն», ապա նշեց թէ այս մէկը Եկեղեցւոյ պարտականութիւններէն մին է։

«Իսկական հովիւները անոնք են որոնք մարդը չեն լքեր իրեն ճակատագրին, այլ ճշմարտութեամբ եւ ողորմութեամբ կ՛օգնեն որ ան վերագտնէ բարիի իսկական դիմագիծը՝ երբ ան կորսնցուցած  ըլլայ իր արժանապատուութեան իմաստը, ու զայն կ՛առաջնորդեն վերագտնելու նաեւ Աստուծոյ սիրալիր հայրութիւնը։ Այս է նաեւ ձեր ժողովին մեծ պարտականութիւնը ու եկեղեցւոյ այլ հովուական որեւէ կառոյցի պարտականութիւնը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը աւարտեց նորոգելով իր երախտագիտութիւնը ու ներկաներուն ապահովեցնելով իր մօտիկութիւնը հուսկ բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։  








All the contents on this site are copyrighted ©.