2018-01-26 08:13:00

Ֆրանչիկսոս Պապին պատարագը Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յունուար ամսուայ վերջին կիրակին՝ 28 յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ , առաջին անգամուան համար պիտի գլխաւորէ «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» սրբապատկերին փոխադրումի տօնին սուրբ պատարագի արարողութիւնը։ Նորին Սրբութեան Սանթա Մարիա Մաճճորէ սոյն այցելութիւնը պիտի հանդիսաnայ 66-րդը։

«Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» սրբապատկերը Քահանայապետին սրտին խօսող  Աստուածամօր պատկերն է որուն համար Պօղոս Ե Քահանայապետը Մարիա Մաճճորէ – Աւագ Տիրամօր պազիլիքային մէջ 1611 թուականին կառուցել տուաւ յատուկ մատուր մը, մինչ Պիոս ԺԲ Քահանայապետը զայն մեծարեց 1950-ին, Վերափոխման վարդապետութեան հռչակումէն ետք։

«Ամէն տարի, Յունուար ամսուայ վերջին կիրակին, կը տօնախմբուի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդին փրկութիւն Տիրամօր սրբապատկերին փոխադրումի տօնը, որ կ՛ուզէ հանդիսանալ հաւաքական գոհաբանական աղօթք՝ այդ սրբապատկերին պարգեւին համար որ, աւանդութեան համաձայն, կը պատմուի թէ Հռոմ հասած է Արեւելքէն եւ որ Հռովմէացիները կը կոչեն Հռոմի Տիրամայր ու զայն կը մեծարեն որպէս  քաղաքի պաշտպան սրբուհի» – ըսած է Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի Աւագերէց՝ Կարդինալ Ռիլքօ «Վատիկանի տեղեկատուական» մասնաճիւղի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին որուն մէջ նշած է նաեւ, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ քան Քահանայապետ ընտրուիլը ամէն անգամ որ Հռոմ կը ժամաներ միշտ կ՛այցելեր Պազիլիքան մեծարելու համար Աստուածամայրը ու այդ սովորութիւնը կը շարունակէ նաեւ առաքելական ճամբորդութիւններու առթիւ՝ որոնցմէ առաջ ու վերջ  միշտ կ՛այցելէ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան Տիրամօր հովանիին յանձնելու համար ճամբորդութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնելու Անոր՝ ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

Կարդինալ Ռիլքօ ապա նշեց թէ այս տարի տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի յատուկ կերպով տրուած ըլլալով այս տարի այդ դարաւոր սրբանկարը իր սկզբնական հմայքին վերադարձած է շնորհիւ Վատիկանի Թանգարանի իրագործած «վերանորոգումի» աշխատանքներուն ու թէ 28 յունուարին այդ պատկերը դարձեալ պիտի տեղադրուի խորանին վերեւ, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.