2018-01-26 12:25:00

«Հաւատքը կը փոխանցուի ճշմարտութեան քաջութեամբ եւ վկայութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 26 յունուարին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ հաւատքի փոխանցման վրայ եւ մեկնելով Սուրբ Պօղոսի օրինակէն մատնանշեց երեք բառերու՝ զաւակ, վկայութիւն ու մայրութիւն։

Մեկնաբանելով Սուրբ Պօղոսին՝ Տիմոթէոսի ուղղած նամակին մէկ հատուածը, որուն մէջ առաքեալը աշակերտին կը յիշեցնէ ունենալ «ուղիղ հաւատք», Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ քարոզութիւնը «գաղջ» չի կրնար ըլլալ։ Նոյնինքն  Պօղոս առաքեալ կը խօսի «քարոզութեան խելագարութեան մասին» որ կը պահանջէ վկայութիւն։

Հաւատքը, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը փոխանցուի վկայութեամբ, որ ուժ կու տայ բառերուն։ Արդարեւ մարդիկ՝ առաջին քրիստոնեաներու մասին արտայայտուելով կ՛ըսէին թէ անոնք իրար կը սիրէին մինչդեռ այսօրուայ իրականութիւնը տարբեր է՝ ժողովրդապետութիւններու մէջ մարդիկ կ՛ըսեն «որքան իրար կը հարուածեն», դիտել տուաւ Սրբազան Պապը քննադատելով չարախօսութիւնը ու հրաւիրելով քրիստոնեաները դառնալու աւետարանի իսկական վկաներ ապա նշեց թէ հակավկայութիւն ներկայացնող չարիքը կը տկարացնէ մարդիկն ու հաւատքը։ ։

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա Եկեղեցւոյ մասին զայն որակելով «իգական»  ու խօսքը կեդրոնացուց մայրութեան վրայ՝ հաստատելով թէ հաւատքը կը փոխանցուի նաեւ մայրական արգանդին մէջ՝ Եկեղեցւոյ արգանդին մէջ, որովհետեւ Եկեղեցին Մայր է - ըսաւ Ան - ապա հարց տուաւ «այսօրուայ մայրերը ու մեծ մայրիկները կը նմանի՞ն Սուրբ Պօղոսին պատմած մայրերուն որոնք հաւատքը փոխանցեցին՝ ճշմարիտ հաւատքը, ու կամ կը մտածեն թէ իրենց զաւակները այդ բաները պիտի սորվին միայն երբ քրիստոնէականի դասերուն հետեւին։

«Ինծի տխրութիւն կը պատճառէ  տեսնել մանուկներ որոնք չեն գիտեր խաչակնքել» ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով թէ այդ մէկը յառաջ կու գայ մայրերու եւ մեծ մայրիկներու վկայութեան պակասէն - ապա քարոզի աւարտին  հրաւիրեց հաւատացեալները «Տիրոջմէ հայցելու շնորհքը՝ որ մեզի սորվեցնէ հաւատքը փոխանցել, որպէս վկաներ որպէս քարոզիչներ եւ նոյնիսկ որպէս մայրեր ու կիներ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.