2018-01-25 12:00:00

Քահանայապետական նամակ Գերապայծառ Փալիային՝ «Gaudium et Spes» ամպիոնի ստեղծման առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի՝ 25 յունուար 2018-ի առաւօտեան 10,30-ին, Ամուսնութեան ու Ընտանիքի գիտութեան Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան աստուածաբանական քահանայապետական հիմնարկի սրահին մէջ կայացաւ «Gaudium et Spes» ամպիոնի ստեղծման բացման արարողութիւնը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հիմնարկի Աւագ Ատենադպիր գերապայծառ Վինչենցօ Փալիային յղեց նամակ մը որուն մէջ ուրախութիւնը յայտնեց ամպիոնի ստեղծումին համար յատկապէս նշելով թէ այդ մէկը կը զուգադիպի 20-րդ դարու եկեղեցական ամենամեծ իրադարձութեան հռչակման թուականի՝ 25 յունուար 1959-ին, երբ երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը համայն աշխարհը զարմացուց Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի գումարումով, եւ «այդ ժողովի աւարտին է որ որդեգրեցուեցաւ «Gaudium et Spes»  վատիկանեան հովուական սահմանադրութիւնը»  գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ մեծարելով նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի յիշատակը ինչպէս նաեւ Անոր «Gaudium et Spes»  հովուական սահմանադրութեան նկատմամբ  ունեցած սէրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց ապա նոր ամպիոնի առաքելութիւնը ի նպաստ ընտանիքին, եկեղեցւոյ ու համայն ընկերութեան, մատնանշելով թէ այսօրուայ աշխարհին մէջ հարկաւոր է միշտ աւելիով երկխօսութիւն եւ հանդիպում հրահրել, ժամանակակից մարդուն  ներկայացնելով՝  Վատիկանի Բ Տիեզերական ժողովի տեսլականը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը եզրափակեց յիշելով թէ այսօր կը յիշատակենք Սուրբ Պօղոս առաքեալի դարձը որուն Յիսուս վստահեցաւ յատուկ առաքելութիւնը՝ հռչակելու քրիստոնէական  փրկութեան տիեզերականութիւնը։ «Կը Մաղթեմ որ այս ակադեմիական ծրագիրը եւս սատարէ աւելի տեսանելի դարձնելու Աստուծոյ փրկարար սիրոյն գեղեցկութիւնը որ յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ» գրեց Նորին Սրբութիւնը նամակի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք յանձնառու են այդ ծրագրի ուղղութեամբ ու անոնց վրայ հայցեց Տիրոջ Օրհնութիւնները ու Տիրամօր հովանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.