Թուրքիոյ մէջ 170 հանրածանօթ դէմքեր յատուկ նամակով դիմած են իշխանութիւններուն` պահանջելով դադրեցնել Աֆրինի դէմ շղթայազերծուած «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական գործողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»:
Մտաւորականներէ, լրագրողներէ եւ հասարակական գործիչներէ կազմուած խումբի 170 անդամներուն շարքին էին նաեւ Հրանդ Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը, յայտնի թուրք լրագրող եւ ուսումնասիրող Այշէ Հիւրը, Ճեմալ Փաշայի թոռը` գրող, հրապարակախօս Հասան Ճեմալը, գրող եւ մտաւորական Պասքըն Օրանը, Տինքի ընտանիքի փաստաբան եւ գրող Ֆեթհիէ Չեթինը, յայտնի թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը եւ ուրիշներ:
Անոնց ստորագրութիւններով նամակը ուղարկուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի բոլոր երեսփոխաններուն` ե-նամակներու միջոցով:
Նամակին հեղինակները կոչ ուղղած են նպաստելու տագնապի` խաղաղ ճամբով լուծման եւ դադրեցնելու բռնութիւնը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |