2018-01-25 08:53:00

Եազիժի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահին հետ


Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահ եւ վարչապետ, ինչպէս նաեւ Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ կրօնական առումով բաց քաղաքականութիւն վարելու կարեւորութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ Եազիժի պատրիարքը բարձր գնահատեց կրօնական եւ քաղաքակրթական իմաստով այլոց նկատմամբ բաց ըլլալու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, յատկապէս Տուպայի իւրայատկութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ Լիբանանի կայունութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը` խստիւ դատապարտելով առեւանգումի իրականութ








All the contents on this site are copyrighted ©.