2018-01-25 13:30:00

«Աղօթքը մեզ եղբայրներ կը դարձնէ» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Աղօթելով, մենք  կարող ենք իրարու նայիլ իսկական հեռանկարով, Հօր հեռանկարը՝ որուն միջոցաւ զիրար կը ճանչնանք որպէս եղբայրներ»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ օրուան առթիւ՝ 25 յունուար 2018-ին, հրապարակած թուիթին մէջ։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 25 յունուարի երեկոյեան Սուրբ Պօղոսի անուան Հռոմի պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ՝ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի 51-րդ շաբթուայ  ժամասացութեան արարողութիւնը։ Աղօթքի շաբթուայ այս տարուան բնաբանը  ներշնչուած է Ելից գիրքէն «Քու աջդ ով Տէր փառաւորեալ է զօրութեամբ (Ելք 15,6)»։  








All the contents on this site are copyrighted ©.