2018-01-25 10:00:00

«Հաղորդամիջոցներ եւ ճշմարտութիւն» Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու միջազգային հանդիպումը լուրտի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հաղորդակցութեան պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ Ֆրանչեսկոս Տէ Սալէսի տօնին եւ 2018 տարուայ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 52-րդ օրուան պատգամին հրատարակումին առթիւ,

24էն 26  Յունուար 2018-ին, Լուրտի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու միջազգային հանդիպումը որ կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան ու Ֆրանսայի Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու դաշնակցութեան համագործակցութեամբ։

Հանդիպումին բնաբանն է «հաղորդամիջոցներ եւ ճշմարտութիւն»։ Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 26 երկիներէ ժամանած 300 լրագրողներ։

Հանդիպման բացումը կատարեցին Լուրտի առաջնորդ գերապայծառ Նիքոլա Պուէն եւ Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան կառավարիչը գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանօ ինչպէս նաեւ կաթողիկէ լրատուամիջոցներու դաշնակութեան նախագահ Տիար Ժան Մարի Մոնթել ու Սինյիս ընկերակցութեան նախագահ՝ Տիկ Հելեն Օսման։

Այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ գերապայծառ Վիկանօ լուսարձակի տակ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Կեղծ լուրեր եւ խաղաղութեան լրագրութիւն» այս առընչութեամբ շեշտը դնելով Յիսուսին խօսքին վրայ՝ «ես եմ ճշմարտութիւնը» որ հիմքը կը կազմէ քահանայապետական պատգամին։  

Գերապայծառ Վիկանօ դիտել տուաւ թէ մարդկային հաղորդակցութիւնը միայն լուր փոխանցելը չէ այլեւ հաղորդութիւն է՝ որ կը նշանակէ ճանապարհներ եւ կամուրջներ կառուցել, մինչ սուտ եւ կեղծ լուրերը ուրիշ բան չեն եթէ ոչ՝ մարդկային յարաբերութիւններու թիւնաւորումեւ ապականում որուն դիմաց միակ հակաթիւնը «մենք մեզ բիւրեղացնելն է ճշմարտութեամբ», ինչպէս կը գրէ Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ, ընդգծելվ թէ այդ մէկը կը պահանջէ մարդկային հասունութիւն, ունկնդրութեան ունակութիւն, յարաբերութիւն։

«Հաղորդակցութիւնը կարող է կամուրջներ կառուցել ու դառնալ խաղաղութեան առիթ» հաստատեց Գերապյծառ Վիկանօ իր զեկոյցին աւարտին։

Նշենք թէ 26 Յունուարին Երեւումներու  քարայրին մէջ նախատեսուած է սուրբ պատարագ զոր պիտի գլխաւորէ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։ Հանդիպումի ընթացքին նախատեսուած է նաեւ «Հայր Ժաք Համելի» անուան մրցանակի տուչութիւնը։ Մրցանակը հաստատուած է Ֆրանսայի Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու դաշնակցութեան կողմէ ի յիշատակ հայր Համելին որ 2016-ի Յուլիս 26-ին դաժանաբար սպաննուեցաւ «Ժիհատիսթի» մը ձեռքով երբ առաւօտեան պատարագը կը մատուցէր եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.