Աղօթքի կարեւորութիւնը.
Կրօններու ոգին աղօթքն է: Ամէնէն արագ կապը կրօնական զգացումները արտայայտելու աղօթքն է: Արդարև աղօթքը Աստուծոյ հետ կապի ամէնէն արագ միջոցն է, ու նաեւ հաւատացեալներու միջեւ՝ մէկուն հոգիէն միւսին հոգին կապ հաստատելու հեշտագոյն միջոցը:
Յիսուսի պատուէրներուն կարեւորներէն մէկն ալ աղօթքի մասին էր: Քրիստոնեայ մարդուն
եւ առհասարակ համայն աշխարհի համար անզուգական կտակ է Յիսուսի սորվեցուցած աղօթքը, որ
հետագային կոչուեցաւ Տէրունական Աղօթք, կամ ժողովրդային անունով՝ «Հայր Մեր» (Հմմտ Մտ
6.9-13):
Նիւթերու դասաւորումով եւ մարդու երկրաւոր թէ ապագայ՝ երկնային կեանքին համար անհրաժեշտ
բոլոր խնդրուածքներու շարայարութեամբ ամբողջական այս աղօթքը՝ «Հայր Մերը», քրիստոնէական
կրօնի պատմութեան ամբողջ ընթացքին եւ մինչեւ այսօր, անգերազանցելի կը մնայ:
Մի՛շտ աղօթելու պատուէր ալ տուաւ Յիսուս իր աշակերտներուն եւ անոնց միջոցաւ նաեւ Իր բոլոր
հետեւորդներուն: Մնայուն աղօթքին ազդեցութիւնը բարձր գնահատեց Ան, պայման դնելով անձանձրո՛յթ
աղօթքը (Հմմտ Ղկ 18.1): Թերեւս անկարելի թուայ ոմանց համար այս, սակայն խորապէս հաւատացողներուն
համար աղօթքը հետզհետէ կը վերածուի սովորութեան: Պէտք չէ՛ սխալ ըմբռնել այստեղ աղօթքը
«սովորութիւն» դարձնելու երեւոյթը ու չմեկնաբանել զայն «մեքենականօրէն» արտասանուած խօսքի
իմաստով:
Սակայն աղօթքը սովորութեան վերածելը, անկեղծաւոր առաքինութիւններով զարդարուած մարդոց վարժութիւնն է:
Աղօթելը կրնայ մնայուն ու անձանձրոյթ սովորութեան վերածուիլ, երբ մարդոց շրթներուն
վրայ ըլլայ միշտ, փոխանակ հայհոյանքներու: Խորհրդատու ծերունիս սովորութեան վերածած էր
նոյնիսկ իր բարկացայտ պահերուն անընդհատ կրկնել «Տէր ողորմեա՛, Տէր ողորմեա՛, Տէր ողորմեա՛»
յանկերգը:
Աղօթքի զօրութեան չհաւատացող մարդը, ընդհանրապէս Աստուծոյ գոյութեան ալ չի հաւատար, որովհետեւ
միայն Անոր գոյութեան հաւատացողը կրնայ ջերմեռանդ աղօթող ըլլալ, ի՛ր եւ ուրիշներուն համար:
Ընդամէնը 100 տարի ետ երթալով, գէթ մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ պիտի հանդիպէինք
հոգեւորականներու, որոնք ամէն կացութեան մէջ ու ամէն պարագաներու տակ գտնուող մարդոց
պիտի թելադրէին աղօթել: Խորքին մէջ լաւագոյն դեղագիրն է, զոր անոնք կը յաջողէին տալ զանազան
հարցերով իրենց դիմողներուն: Այսօր ալ կան պարզունակ կամ «կոյր» հաւատքով մարդիկ, որոնք
կը շահագործուին ո՛չ թէ նոյնքան պարզունակ հաւատքով «հոգեւորական»ներու կողմէ, այլ՝ անոնց
միամիտ հաւատքը չարաշահող բախտախնդիրներու կողմէ: Ձեւերով ու աւելորդ շարժումներով «աղօթք
բաշխել»ու ցուցական արարքներու փոխարէն, նախընտրելի պիտի ըլլար շարունակել 100 տարի առաջուան
հայ հոգեւորականներուն բաշխած սովորական դեղագիրը՝ մի՛շտ աղօթելու պատուէրը:
Կեանքիդ բոլոր պարագաներուն մէջ ու տարբեր կացութիւններու դիմաց պէտք չէ՛ մոռնաս գործադրելիք
երկու կարեւոր պարտականութիւններդ.
ա. Միշտ աղօթել.
բ. Հարկ եղած պարագային խաչակնքել:
Աղօթքին անմիջականութիւնը կը զգայ ան, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգայ միշտ իր կողքին:
Պահապան հրեշտակներու մեր կողքին մնայուն ներկայութեան մասին ժխտողներու շատ քիչ կը հանդիպինք:
Ամէն մարդ ալ կը գիտակցի, թէ մէկ օրուան ընթացքին ինչքա՜ն փորձանքներէ կ՛ազատուի ու փորձութիւններէ
կը փրկուի: Եթէ միայն մեր սեփական կարողութեան ու իմաստութեան վստահէինք, անպայման տուժածներու
թիւը մեծ պիտի ըլլար այսօր մարդկութեան շարքերուն մէջ: Սակայն, Աստուծոյ ներկայութիւնը
իր պահապան հրեշտակներու միջոցաւ մեր մօտ, շատ մը դժուարութիւններու առաջքը կ՛առնէ: Երբեմն
որոշումներ առնելու երկմտանքի մէջ մեր ներսիդին ծագող լո՛յսն է Աստուած, որ Իր երկնային
իմաստութեամբ կ՛առաջնորդէ մեր քայլերը: Ուստի, ի՞նչ վնաս, եթէ աղօթքի վարժութիւնը զօրացնենք
մեր սովորութենական կեանքին մէջ, առաւել եւս ապահովելու Անոր ներկայութիւնը մեր կողքին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |