2018-01-24 09:16:00

Աղքատութեան դէմ լաւագոյն պայքարը աշխատատեղի ստեղծելն է. ելեւմտական նախարար


Աղքատութեան դէմ պայքարի լաւագոյն ձեւը աշխատատեղի ստեղծելն է։ Այս մասին, ըստ Aysor.am-ի, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ելեւմտական նախարար Վարդան Արամեան` անդրադառնալով այն հարցին, թէ ի՞նչ քայլեր անհրաժեշտ են աղքատութեան դէմ պայքարին համար:

«Ձեր հարցին պատասխանը շատ պարզ է: Եթէ կ՝ուզէք այսօր ապրիլ, պէտք է դրամ տպել եւ գումար բաժնել, բայց եթէ դրամ տպենք, գումարները բաժնենք, միւս օրը ի՞նչ պիտի ընենք: Կ՝ըսեմ` այդպէս չ՝ըլլար տնտեսական աճը»,- նշած է նախարարը։

Նախարար Արամեան նկատած է, որ 2018-ի պիւտճէին ծիրէն ներս, բազմիցս խօսուած է, թէ ինչ քայլեր պէտք է առնել աղքատութեան վերացման համար:

«Աղքատութեան հիմնական խնդիրը գիւղատնտեսներուն մօտ է, որովհետեւ վերջին երկու տարուան ընթացքին, փոխանցումները կրճատուած են»,- նշած է նախարարը:

Արամեան ընդգծած է, որ խնդիրի լուծման համար անհրաժեշտ է զարգացնել ենթակառուցուածքները, գիւղացիներուն աւելի մեծ օժանդակութիւն ցոյց տալ:

«Մենք դրինք գիւղատնտեսութեան օգնութեան հինգ ծրագիր, որպէսզի գիւղացին կարենայ ստեղծել արժէք, պետութիւնն ալ անոր կողքը կանգնի, որպէսզի ատիկա աշխատատեղի դառանայ»,- աւելցուցած է նախարարը:

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ 2016-ին, 2015-ի համեմատ, աղքատութեան մակարդակը նուազած է 0,4%-ով` կազմելով 29,4%: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն` 2016-ին ծայրայեղ աղքատները կազմած են բնակչութեան 1,8%-ը, շատ աղքատները` 8%-ը, իսկ աղքատները` 19,6%-ը:

Ասիկա կը նշանակէ, որ ամսական 40.867 դրամ վերին աղքատութեան գիծէն ցած գտնուած են երկրի իւրաքանչիւր տասը բնակիչէն մօտ երեքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.