2018-01-24 20:30:00

«Ոչ մէկ ապատեղեկատուութիւն անվնաս է» Ֆրանչիսկոս Պապին 24 յունուարի թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ոչ մէկ ապատեղեկատուութիւն անվնաս է. վստահիլ այն բանին որ կեղծ է՝ վնասակար հետեւանքներ կը յառաջացնէ»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 24 յունուար 2018-ին հրապարակած իր թուիթին մէջ, Հաղորդամիջոցներու պաշտպան՝ Սուրբ Ֆրանչեկոս Տէ Սալէսի ծիսական տօնին  եւ Ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուայ պատգամին հրապարակումին առթիւ, որուն այս տարուայ բնաբանն է՝ «ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ. կեղծ լուրեր ու խաղաղութեան լրագրութիւն»։

Այս առընչութեամբ նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին եւս ողջունելով հրապարակը համախմբուած հազարւրո ուխտաւորները յատուկ խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն ու նորապսակներուն, առաջինները հրաւիրելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսը նկատել որպէս տիպար քաղցրութեան, հիւանդները հրաւիրեց իրենց ցաւերը նուիրելու Քրիստոսի եկեղեցւոյ միութեան համար ու նորապսակներուն յորդորեց Սուրբ Սալէսի նման իրենց ընտանեկան կեանքին ներքոյ առաջնահերթ նկատել Աստուած ու Անոր սէրը։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուան պատգամի հրապարակումին առթիւ հրապարակեց այլ երկու թուիթներ որոնց մէջ գրեց։

«Կեղծութեան ախտին արմատական հակաթիւնն է՝ թոյլ տալ բիւրեղանալ ճշմարտութեամբ» եւ «Կ՛ուզեմ հրաւէր ուղղել խթանելու համար խաղաղութեան լրագրութիւն մը, կազմուած մարդոցմէ՝ մարդոց համար»։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.