2018-01-22 10:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը Փերուի նախագահին. Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 21 յունուար 2018-ին, Փերուի ժամով երեկոյեան 6,45-ին, Իտալիոյ ժամով՝ երկուշաբթի՝կէս գիշերին՝վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Չիլի եւ Փերու կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը: 

Նորին Սրբութիւնը առ այդ մեկնեցաւ Փերուի Լիմա մայրաքաղաքի միջազգային օդակայանէն ուղղուելով դէպի Հռոմ,  թռիչքի ընթացքին՝ սաւառնելով Փերուի- Քոլոմպիայի, Վենեզուելլայի, Փորթուկալի- Սպանիոյ, Ֆրանսայի ապա  Իտալիոյ օդային տարածքներուն վրայէն:  Աւանդութեան համաձայն  Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրներ ուղղեց վերոնշուած երկիրներու կառավարիչներուն:

Փերուի հանրապետութեան նախագահին  ուղղած հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայր իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է Փերուի նախագահին, կառավարութեան եւ շատ սիրելի ժողովուրին  իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար, ապա իր աղօթքը ապահովեցուց Փերուի համայն բնակչութեան,  բոլորին  շնորհըլով Ամենակալ Աստուծոյ օրհնութիւնները:  








All the contents on this site are copyrighted ©.