2018-01-21 10:41:00

Կիրակի 21 Յունուար 2018 Առաջին կիրակի Առաջաւորի


Հրաշագործ խօսքեր ալեկոծեալ ծովու դիմաց (Յովհաննէս 6, 15-21)

Յիսուս է այս դրուագին հերոսը, որ օգնութեան կը հասնի իր նաւաբեկեալ առաքեալներուն, որոնք, սաստիկ վախցած` բնութեան ուժերուն դիմաց, իրեն կը դիմեն թախանձագին. Տէր փրկէ մեզ այս ահաւոր վտանգէն։

Նաւը խորհրդանիշն է Եկեղեցւոյ. Անոր մէջը ապաւինած առաքեալները կը ներկայացնեն համայն քրիստոնեայ ժողովուրդը, որ կը հետեւի Յիսուսի եւ անոր հետ կ՜ընթանայ դէպի յաւիտենականութեան նաւահանգիստը, հոն ուր չկան ցաւ ու տրտմութիւն, այլ միայն յաւիտենական երջանկութիւն։

Աշխարհի փոթորիկները կրնան վտանգի մատնել նաւն ու իր մէջ գտնուող ժողովուրդը, սակայն մէկը կայ որ կը հսկէ անոր վրայ, Քրիստոսն է եւ իր ներկայացուցիչները, Սրբազան Պապը, եպիսկոպոսները եւ վարդապետները, որոնք թէեւ մարդկային իրենց միջոցներով կը շարժին եւ կը խօսին, սակայն ունին Տիրոջ ուժն ու շնորհքը, որոնցմով կրնան հանդարտեցնել ալեկոծեալ հոգիները։

Մարդկութիւնը պէտք ունի հրաշագործ խօսքերու, որոնք ազդեցութիւն ունենան աշխարհային զանազան սադրանքներուն դէմ։ Երբ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կ՜անուանէ իր սքանչելի աղօթքները Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ, մեզի կու տայ գաղտնիքը այդ հրաշագործ խօսքերուն, անոնք մեր սրտին խորերէն եկած հոգելից աղօթքներն են, որոնք կրնան հրաշքներ գործել, մանաւանդ երբ մեր պայքարը չարի իշխանին դէմ է։

Մենք կը պատկանինք Քրիստոսի մեր մկրտութեամբ եւ Եկեղեցւոյ խորհուրդներու ստացումով։ Արդ Քրիստոս միշտ տէր կը կանգնի իրեն յանձնուած հօտին եւ չի թողուր որ թշնամին գայ յափշտակէ անոր մէջէն որեւէ մէկը։ Սակայն մեր կողմէն պայման մը կայ զոր պէտք է յարգենք, որպէսզի արժանի ըլլանք այս հզօր պաշտպանութեան. Հարկ է որ հաւատարիմ մնանք մեր տուած խոստումներուն եւ չշեղինք մեզի տրուած պատուիրաններէն։

Մեր կեանքի ընթացքին` շատ մը փոթորիկներու հանդիպած ենք եւ տակաւին պիտի հանդիպինք։ Անոնց յաղթահարելու համար հարկաւոր է որ ընդունինք Տիրոջմէ ուժ եւ շնորհք, որպէսզի չյուսահատինք եւ շարունակենք մեր ճանապարհը անվեհեր կերպով, ամէն անկումէ վերջ դարձեալ վեր կանգնելով եւ օգնելով մեր շուրջիններուն ալ որպէսզի չյուսալքուին այլ վստահին Քրիստոսի խօսքերուն որ կ՜ըսէ. Երբ ես ձեզի հետ եմ, երբեք մի վախնաք, այլ դէպի առաջ ընթացէք։

Մենք կը նմանինք բանակի մը, հոգեւոր բանակ մը որ կը հնազանդի մէկ Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի։ Մեր զէնքն է իր խօսքը, գրուած Աւետարանին մէջ, որով մենք պատասխան պիտի կարենանք տալ մեզի ուղղուած բոլոր հարցերուն եւ անով պիտի ընթանանք ճշմարտութեան ճանապարհէն։

Մեզմէ առաջ ապրած եւ սրբութեան հասած բոլոր քրիստոնեաները, որոնք մեր մեծ ընտանիքին անդամներն են, պատրաստ են նաեւ մեզի օգնելու, երբ իրենց բարեխօսութիւնը խնդրենք որեւէ նեղութեան ժամանակ։

Ամէն օր մենք լսելու ենք Քրիստոսի այս հրաշագործ խօսքերը մեր սրտերուն մէջ. Ես եմ, մի վախնաք։ անոնցմով զօրացած` մենք պիտի կարենանք յառաջ ընթանալ Աստուծոյ կամքին գծած ճամբով մեզմէ ամէն մէկուն համար, յաղթահարելով բոլոր արգելքներուն. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.