2018-01-20 22:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Փերուի կղերական դասին հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին սովորութիւն է որ Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպի երկրին քահանաներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն ու նորընծաներուն հետ եւ Փերու կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, շաբաթ՝ 20 Յունուարին յետմիջօրէին, Սրբազան Հայրը Թրուխիլօ քաղաքի Նորընծայարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Փերուի հիւսիսային շրջանի պատկան հազարէ աւելի կղերական դասի անդամներուն, որոնք ժամանած էին երկրին զանազան թեմերէն։

Այս առթիւ արտասանած երկարաշունչ ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախ մատնանշեց նորընծայարանին որ 390 տարիներէ ի վեր կը ծառայէ պատրաստելու ապագայի քահանաները եւ որ կը հանդիսանայ Լատին Ամերիկայի հիմնուած առաջին նորընծայարաններէն մին, որ բազմաթիւ միսիոնարներ կազմաւորեց - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց կոչումին՝ որ պէտք է ունենայ երկու չափանիշ  «արմատներ հողին մէջ ու սիրտը երկնքին մէջ» ըսաւ Ան դիտել տալով թէ «եթէ այս երկուքէն մէկը պակսի կը նշանակէ թէ հարցերը լաւ չեն ընթանար ու թէ մեր կեանքը կամաց կամաց կ՛ապականի»։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը շեշտեց «յիշատակին - յիշողութեան» կարեւորութիւնը որ մեզ կը մղէ նայելու անցեալին ու տեսնելու  այն  «աւիշը որ դարերու հոլովոյթին սնուցեց առաքեալները» ըսաւ Ան ու խօսքը կեդրոնացուց երեք կարեւոր կէտերու վրայ. «Ինքնաճանաչողութեան ուրախութիւնը. Կոչումին ժամը ապա վարակող ուրախութիւնը»։

Մատնանշելով հանդիպման սկիզբը ընթերցուած աւետարանական հատուածին ուր կը խօսուի Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտներուն մասին որոնք Յիսուսը տեսնելով կը հետեւին Անոր, որովհետեւ Յովհանէս Մկրտիչը անոնց կը յայտնէ թէ «Ան է Աստուծոյ գառնը», Սրբազան հայրը  ըսաւ «Յովհաննէս կը բացայայտէ այն առաքեալին խիղճը որ գիտակից է թէ ինք մեսիան չէ, այլ պարզապէս «ձայնն մըն է որ կը հարթէ Տիրոջ ճանապարհը»։ Մենք օծեալներս եւս կոչուած չենք Տէրը փոխարինելու, մեր գործերով ու մեր առաքելութեամբ, այլ մեզմէ խնդրուած է պարզապէս գործել Տիրոջ կողքին, առանց երբեք մոռնալու թէ այդ տեղը մերը չէ, այլ Իրը ու թէ մենք աշակերտներն ենք միակ Վարդապետին ու կը հետեւինք Անոր ուրախութեամբ»։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խրախուսեց ներկաները հետեւելու Սուրբ Յովհաննէսի օրինակին եւ միշտ հարուստ ըլլալ յիշողութեամբ կարենալ հասկնալու համար մեր իսկական առաքելութեան նպատակը։ Ան ապա յորդորեց ըլլալ ուրախ, ժպտալ, հասարակութեան մէջ ապրիլ ուրախութեամբ եւ զգուշանալ այն անձերէն որոնք մոռցած են ժպիտը ու ժպիտը յարուցող իրականութիւնները, ապա մատնանշեց կոչումի ժամուն։

«Աւետարանին մէջ կը նշուի ժամը որուն ընթացքին աշակերտները կը հանդիպին Յիսուսին» ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց  «Յիսուսին հետ հանդիպումը  կը փոխէ մեր կեանքը,  ու լաւ է որ մենք միշտ ի միտ ունենաք այն պահը երբ Յիսուս կոչեց մեզ։ Անոր հայեացքին յիշողութիւնը։ Եթէ մենք մոռնանք այդ պահը կը մոռնանք նաեւ մեր ծագումը ու մեր արմատները» դիտել տուաւ Քահանայապտը նշելով թէ « այս բաները կորսնցնելով մենք մէկդի կը դնենք նաեւ առաքելական կեանքին կարեւորագոյնը՝ այսինքն Տիրոջ հայեացքը» ու հրաւիրեց յիշել նաեւ թէ մեր կոչումները սիրոյ կոչ մըն են սիրոյ ու ծառայութեան համար։

«Եթէ Տէրը սիրահարուած է ձեզմով ու ձեզ ընտրեց, այդ ըրաւ  միայն սիրոյ համար, ողորմած սէր մը որ կը հրապուրէ մեզ ու մեզ կը մղէ ծառայելու ուրիշներուն, Յիսուսի նմանութեամբ» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով  «կազմաւորումի» կարեւորութիւնը ու ակնարկելով Փերուի ժողովրդական պաշտամունքին, որուն միջոցաւ հաւատացեալները իրենց սէրը կ՛արտայայտեն Յիսուսին, Մարիամին ու Սուրբերուն, հուսկ յորդորեց ներկաները չանտեսելու ժողովուրդին պարզ հաւատքին արտայայտութիւնները, այլ քաջալերելու զանոնք Յիսուսին հետ հանդիպելու։

«Սրբութեան մասնագէտներ» մի դառնաք որոնք իրենց ժողովուրդը կը մոռնան, մի կորսնցնէք «յիշողութիւնը» ու յարգանքը անոնց նկատմամբ որոնք ձեզի աղօթել սորվեցուցին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց յիշել կոչումին պահը ու այդ պահը յիշել ուրախութեամբ։

 

«Աստուծոյ ժողովուրդը գիտէ զանազանել երախտապարտ ծառան սրբութեան յանձնակատարէն. Աստուծոյ ժողովուրդը կը ճանչնայ անոնք որոնք իրեն կը ծառայէն ու խնամք կը տանին ուրախութեան եւ երախտագիտութեան իւղով» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը կեդրոնացուց  վերջին կէտին վրայ «վարակող ուրախութիւնը» մատնանշելով Անդրէասին որ Յովհաննէսի աշակերտներէն մին էր ու երբ Յիսուսը կը ճանչնայ կը հետեւի Անոր ու առ աւելին, երկրորդ օրը կ՛երթայ իր եղբօր՝ Սիմոն Պետրոսին անոր ըսելու « Գտանք Վարդապետը՝ Մեսիան»։

«Յիսուսին հաւատալը վարակիչ է։ Աշակերտները հազիւ կանչուած, իրենց կարգին, իրենց հաւատքի վկայութիւններով ուրիշները կը քաշեն։ Առաքելութիւնը արդարեւ կեանք կ՛առնէ Քրիստոսի հետ հանդիպումէն։ Անդրէաս իր եղբօր կը փոխանցէ ամենագեղեցիկ լուրը «Մեսիան գտանք, անոր հանդիպեցանք»։

Աւետարանի ուրախութիւնը ՝ ուրախութեամբ կը լեցնէ սրտերն անոնց որոնք Յիսուսի կը հանդիպին։ Անոնց որոնք թոյլ կու տան որ Ան զանոնք փրկէ, ազատէ մեղքէն, տխրութենէն ու ներքին դատարկէն եւ մեկուսացումէն։ Յիսուս Քրիստոսին հետ միշտ կը ծնի ու կը վերածնի ուրախութիւնը» հաստատեց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ այդ ուրախութիւնը մեզ կը բանայ ուրիշներուն։ Փոխանցուելիք ուրախութիւն մըն է, յատկապէս այսօրուայ յօշոտուած աշխարհին մէջ, ուր մարդիկը  մղուած են կղզիացումի։

«Բաժանումներ պատերազմները ու մեկուսացումներ միայն արտաքնապէս ապրուած իրականութիւններ չեն» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ անոնք կ՛ապրինք նաեւ հասարակորդութիւններուն մէջ։

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու հաղորդութեան, միութեան պատգամաւորներ։ Մեզմէ խնդուած է   ըլլալ հաղորդութեան եւ միութեան հեղինակներ ու այս կը նշանակէ արժեւորել տարբերութիւնները ու Տիրոջ մեզմէ իւրաքանչիւրիս պարգեւած շնորհքները զոր պէտք է դնենք ուրիշներու տրամադրութեան տակ, մէկը միւսը հարստացնելով։

Նորին Սրբութիւնը ճառը եզրափակեց յորդելով ներկաներ խնամք տանելու իրենց եղբայրներուն ու խուսափելու «հեղինակային» ձգտումէն,  միշտ ի միտ ունենալով որ մեր առաքելութիւնը նախ եւ առաջ ծառայութեան առաքելութիւն է - ըսաւ Քահանայապետը ապա հայցեց Տիրոջ օրհնութիւններն ու Տիրամօր պաշտպանութիւնը եւ ինչպէս միշտ  խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար








All the contents on this site are copyrighted ©.