2018-01-20 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը «Հոկարի» որբ մանուկներու կեդրոնին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ. 19 յունուար 2018-ին, Փուերթօ Մալտոնատոյի մէջ Ամազոնեան բնիկ ժողովուրդներու հետ հանդիպումէն ետք , Փերույի  ժամով կէսօրին՝ 12,15ին, Իտալիոյ ժամով երեկոյեան 6,15-ին-, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց նոյն քաղաքին մէջ գտնուող «փոքրիկ իշխանին բնակարան» անուան կեդրոնը՝ որուն մէջ հիւրընկալուած են բռնաբարութեան թիրախ եւ փողոցներու մէջ լքուած՝  35  մանուկ որբեր:

 Ֆրանչիսկոս Պապի եւ մանուկներու միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ կեդրոնի մարզադաշտին մէջ, ներկայութեամբ կեդրոնին աշխատաւորներուն ու բարեկամ երիտասարդներուն:  Հանդիպումին սկիզբը մանունկերը Նորին Սրբութեան  ներկայացուցին փունջ մը յուզիչ երգեր, որմէ ետք հանդէս եկան՝ Տոմինիքեան միսիոնարներու աեւտարանցումի առաքելութիւնը նկարագրող կարգ մը պարերով.  որոնց  Ֆրանչիսկոս Պապ հետեւեցաւ մեծ ուշադրութեամբ ու յուզմունքով:

Երգերու եւ պարերու ներկայացումէն  ետք  որբերու մէջէն «Տիրսեյ» անունով  երիտասարդ  մը վկայութիւն տուաւ իր կեանքին մասին, պատմելով թէ   որ որբ մնացած է  մանուկ հասակէն ապա ընդունուած  Հոկար կեդրոնին մէջ  ուր գտած  է ջերմ ընտանեկան մթնոլոոտ:

Ապա տեղի ունեցած Նուէրներու փոխանակումէն  ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն յղեց քաջալերանքի   իր խօսքը որուն մէջ ըսաւ.   

  «Թուք ամենէն թանկագին գանձն էք,  որուն  պէտք ենք խնամք տանիլ: Չէի կրնար Փուերթօ Մալտոնատոյէն մեկնիլ առանց ձեզ ողջունելու: 

 Դուք մեզի համար յոյսի ճրագն էք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց  «գիտեմ որ ձեզմէ ոմանք գիշերները տխուր են.  անոնք կարօտը կը զգան իրենց հայերուն ու մայրերուն որոնք անհետացած են եւ գիտեմ որ այս մէկը մեծ ցաւ պատճառող տառապանք է» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա գնահատեց  կեդրոնի գործունէութիւնը ուր   «մանուկները հիւրընակալութիւն գտնելով կը բացայայտեն Աստուծոյ իրենց ընձեռած ողորմութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ու խօսքը ուղղեց երբեմնի կեդրոնի  հիւր՝ երիտասարդներուն,  որոնք այժմ ժամանակ կը տրամադրեն փոքրիկ մանուկներուն, անհրաժեշտ նկատելով  անոնց վեհանձն գործը ու անոնցմէ խնդրելով որ «մանուկներուն համար  միշտ դառնան  գիշերը լուսաւորող Աստղեր»: 

Սրբազան Հայրը  խօսք ուղղեց նաեւ  բնիկ ժողովուրդներէն  ծագում ունեցող երիտասարդներուն  խնդրելով անոնցմէ  որ երբեք չի յուսալքուին  եւ չի հրաժարին իրենց մեծ հայրերուն  թողած ժառանգութենէն ինչպէս նաեւ իրենց երազներէն , դիտել տալով որ աշխարհը պէտք ունի հարազատ մարդոց, պէտք ունին նաեւ   Ամազոնեան ժողովուրդներու պատկան  երիտասարդներուն, որոնք մարդկութեան կը շնորհեն հարազատ կեանքի այլընտրանք մը: 

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայրնելով մանուկներու կեդրոնին  հիմնադիր Հայրը Խավիէին տուած օրինակին  համար ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ կեդրոնի բարերարներուն, միսիոնարներուն , կրօնաւորներուն եւ այն աշխարհականներուն որոնք յառաջ կը տանին կեդրոնին աշխատանքները :

Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առնելով ներկապերէն ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար:  








All the contents on this site are copyrighted ©.