2018-01-20 11:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Փերուի իշխանութիւններուն «Ոչ քայքայումին ու կաշառակերութեան. Պաշտպանել յոյսը»


(Ռատիօ Վատիկան) Փերուի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ պաշտօնական հանդիպումներու շարքը եզրափակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին տեղական իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումով եւ անոնց ուղղած ճառով որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց միասնական յանձնառումի՝ որպէսզի երկիրը դառնայ եղբայրութեան ու հաւասարութեան վայր մը, ու պայքար մղուի քայքայումին դէմ որ յառաջ կու գայ հողին շահագործումէն, ինչպէս նաեւ կաշառակերութեան ախտէն։

Կառավարութեան պալատ ժամանումին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ երկրին նախագահ՝ Տիար Փապլօ Քուչինսքիի կողմէ ապա միասնաբար բարձրացան ամպիոն ու Նախագահին արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք, որուն մէջ ան վերյիշեց Փերուի պատմութիւնը ու երկրին մինչեւ օրս իրականացուցած դէպի խաղաղութիւն ճանապարհորդութիւնը, ինչպէս նաեւ ուղեւորութիւնը՝ փնտռելու իր ձգտումներու իրականացումը, խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու մեկնելով առաքելական ճամբորդութեան կարգախօսէն «Միացած յոյսի մէջ» հաստատեց թէ «այս երկիրը տեսնելը  ինքնիր մէջ պատճառ է յոյսի», սկսեալ անոր մշակոյթի բազմազանութենէն որ բնակչութեան ոգին է եւ որ յատկանշուած է հինաւուրց աւանդութիւններով, սկսեալ հիւրընկալութենէն եւ ուրիշի գնահատումէն ինչպէս նաեւ մայր հողի հանդէպ  յարգանքէն ու հասարակական պատասխանատուութիւնէն ի նպաստ բոլորին զարգացումին,  որ կ՛իրականացուի զօրակցութեան մէջ, որ ի յայտ եկած է ապրուած բազմաթիւ աղէտներու ժամանակ – ըսաւ Սրբազան Պապը ու ակնարկեց երկրին երիտասարդներուն «որոնք ունին յոյսի երազներ» յարեց Ան ու հաստատեց թէ Փերուն յոյսի երկիր մըն է որ իր բնակչութիւնը կը հրաւիրէ միութեան, որպէսզի միասնաբար դիմագրաւեն դժուարութիւնները ու պաշտպանեն այդ յոյսի դրդապատճառներ, զգուշացնելով կաշառակերութեան ախտէն։ 

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց հողի շահագործումի վտանգի հետեւանքները ու յատկապէս շեշտեց բնապահպանութեան կարեւորութիւնը ու հրաւիրեց համապարփակ բնապահպանութեան խթանումին ու անոր զարգացումին,  որպէս յետամնաց զարգացումի տիպարի այլընտրանք. «Այս կը նշանակէ ունկնդրել, ճանչնալ եւ յարգել բնիկ ժողովուրդները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ անոնք լաւապէս կը ճանչնան հողամասը ու երկրին պահանջները։

Ֆրանչիսոս Պապ ապա նշեց թէ բնութեան ապականումը կապուած է մեր հասարակութիւններուն բարոյական ապականումին ու թէ անոնք կախեալ են չարաշահումի ու ստրկութեան դիմող կազմակերպութիւններէն որոնք կը հարուածեն մարդկային  ու ազգային արժանապատուութիւնը։ Սրբազան Հայրը ապա խրատեց դիմել «թափանցիկութեան մշակոյթին» պայքարելու համար կաշառակերութեան ախտին դէմ, դիտել տալով թէ այս պայքարը կը հայի բոլորին ու թէ ան կարիքը ունի բոլորին յանձնառումին։

Ի վերջոյ Սրբազան Քահանայապետը վստահեցուց  թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին յանձնառու է՝ վերոնշեալ հարցերը միասնաբար դիմագրաւելու համար ապա կոչ ուղղեց բոլորին, ամէն մին իր պատասխանատուութեան համաձայն ազգային բնակչութեան ու երկրին պարգեւելու ապահովութիւն, մղուած այն համոզումէն թէ «Փերուն յոյսի եւ հնարաւորութիւններու երկիր է», որպէսզի՝ ըսաւ Քահանայապետը, ամէն մէկ Փերուի բնակիչ երկիրը նկատէ որպէս իրը եւ ոչ թէ ուրիշինը եւ որպէսզի հաստատուին եղբայրութեան ու հաւասարութեան կապեր մերձաւորին հետ եւ օգնութիւն մատուցի կարիքաւորին, ապա միասնաբար կառուցել «Փերու մը ուր բոլոր «ցեղերը» գտնեն իրենց տեղը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.