2018-01-19 08:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը Չիլիի հանրապետութեան նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի. 18 յունուար 2018-ին, Չիլիի ժամով, յետմիջօրէին՝ 4,45ին, Իտալիոյ ժամով երեկոյեան՝ 8,45ին,  Չիլիի Իքիքէ քաղաքի միջազգային օդակայանին մէջ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապի ի պատիւ հրաժեշտի արարողութենէն ետք , Նորին Սրբութիւնը թռիչքով մեկնեցաւ Փերույի Լիմա Մայրաքաղաք: 

Թռիչքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հեռագիր ուղղեց Չիլիի հանրապետութեան նախագահ՝  Տիկ Միշէլ Պաշելէյին որուն մէջ գրեց. «Մինչ կը  մեկնիմ Չիլիիէն,  շարունակելու համար Առաքելական ճամբորդութիւնս  Փերույի մէջ,   դարձեալ  խորին երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Ձեզի,   կառավարութեան, Չիլիցի ժողովուրդին ինծի վերապահած ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան  համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիրին աւարտին Աստուածային օրհնութիւններ շնորհած է  Չիլլի  ժողովուրդին  ապահովեցնելով իր աղօթքը  երկրի  խաղաղութեան ու անոր  բարգաւաճման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.