2018-01-18 17:59:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ալ Ազհարի աւագ Իմամին յղած նամակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յունուար 10ին թուագրուած նամակ մը յղած է Ալ Ազհարի մեծ Իմամին։

Սրբազան Հայրը նամակին մէջ կը յայտնէ թէ ստացած է Իմամին 16 դեկտեմբեր 2017ի նամակը, որով Իմամը կը հրաւիրէր Սրբազան Պապը, տարւոյս 17 յունուարին Ալ Ազհարի մէջ կայանալիք միջազգային գիտաժողովին, որ կազմակերպուած է Երուսաղէմ քաղաքի աջակցութեան նպատակով։

Սրբազան Հայրը կը յայտնէ, թէ այդ օրը առաքելական ճամբորդութեան մէջ պիտի գտնուի, եւ սակայն կ՛ապահովեցնէ, թէ միշտ պիտի շարունակէ Աստուծոյ դիմել ճշմարիտ եւ իրական խաղաղութեան համար։ Ան յատուկ կերպով կ՛աղօթէ ազգերու պատասխանատուներուն եւ քաղաքային եւ կրօնական հեղինակութիւններուն համար, որպէսզի անոնք իրենց պատասխանատուութեան ծիրէն ներս խորտակեն լարուածութեան նոր պտուտակումներ եւ ամէն ճիգ թափեն պահելու իր սրտին այնքան մօտիկ Օրհնեալ Երկրի ժողովուրդին համերաշխութիւնը, արդարութիւնը եւ ապահովութիւնը։

«Սուրբ Աթոռը, կը շարունակէ Սրբազան Հայրը, իր կարգին պիտի չդադրի հրատապ կերպով յիշեցնել հրեաներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ գոյացող երկխօսութեան վերականգնումի հարկաւորութիւնը՝ բանակցութեամբ հասնելու համար երկու պետութիւններու միջեւ խաղաղ համակեցութեան վերջնական լուծումի մը, իրենց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս՝ լիուլի յարգանքով Երուսաղէմի իւրայատուկ բնոյթին հանդէպ, որուն նշանակութիւնը կը գերազանցէ տարածքային ամէն նկատառում։ Միայն միջազգայնօրէն երաշխաւորուած կարգավիճակ մը կրնայ պահպանել խաղաղութեան այդ վայրին՝ այդ Սուրբ Վայրերուն ինքնութիւնը, եզակի կոչումը եւ անոր տիեզերական արժէքը, թոյլ տալով հաշտութեան եւ յոյսի ապագայ մը՝ ամբողջ տարածաշրջանին համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը կ՛եզրափակէ յղելով իր սրտագին ողջոյնները եւ կը խնդրէ Բարձրեալին օրհնութիւնը Իմամին եւ անոր վերցուցած պատասխանատուութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.