2018-01-18 18:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առաւ Չիլիէն ու փոխադրուեցաւ Փերուի մայրաքաղաք Լիմա։


(Ռատիօ Վատիկան) «Iquique» քաղաքի  «Campus Lobito» տարածքին վրայ՝  մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ուզեց հրաժեշտի խօսք ուղղել ներկաներուն որուն մէջ իր խորհին շնորհակալութիւնը յայտնեց Իքիքէի եպիսկոպոսին իրեն ուղղած խօսքերուն համար հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց արարողութեան ներկայ գտնուող Չիլիի նախագահ՝ տիկ Միշել Պաշըլէին ու բոլոր անոնց որոնք կարելի դարձուցին այցելութիւնը ու յատկապէս հազարաւոր այն կամաւորներուն որոնք նուիրումի ու լռութեան մէջ յանձնառումով գործեցին ու նաեւ բոլոր անոնց որոնք իր այս ուխտագնացութեան ընկերացան աղօթքի միջոցաւ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց որոնք բազմաթիւ զոհողութիւններ յանձն առնելով ուզեցին իրենց մասնակցութիւնը բերել հրապարակային արարողութիւններուն։

«Այժմ իմ ուխտագնացութիւնս կը շարունակեմ դէպի Փերու։ Բարեկամ ու եղբայր ժողովուրդ այս Մեծ Հայրենիքին, զոր հրաւիրուած  ենք խնամել ու պաշտպանել։ Հայրենիք որ իր գեղեցկութիւնը կը գտնէ իր ժողովուրդներու բազմատեսակ դիմագիծին մէջ – ըսաւ Քահանայապետը, ապա մէջբերեց պատարագի աղօթքէն սոյն հատուածը «Տէր նայիր քու Եկեղեցւոյդ հաւատքին եւ անոր պարգեւէ միութիւն ու խաղաղութիւն քու կամքիդ համաձայն»։

«Ի՞նչ կարող եմ մաղթել այս այցելութեանս աւարտին» հարց տուաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ըսաւ. «Տէր նայիր այս ժողովուրդին հաւատքին եւ անոր պարգեւէ խաղաղութիւն եւ միութիւն»։ Շնորհակալ եմ բոլորիդ ու կը խնդրեմ մի մոռնաք աղօթել ինծի համար։

Քահանայապետը ապա աւելցուց-,Կ՛ուզեմ նաեւ յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր ուխտաւորներուն, Պոլիվիայէն եւ Փրուէն ու յատկապէս Արժանթինէն, Արժանթինը իմ հայրենիքս է առ այդ շնորհակալութիւն իմ արժանթինցի եղբայրներուս որոնք ինծի ընկերացան Սանթիակօ, Թեմուքօ եւ այժմ հոս Իքիքէ

Տեղական ժամով 15.50-ին (Հռոմի ժամով 19.50) Նորին Սրբութիւն հրաժեշտ կ՛առնէ սրբավայրէն ու կը փոխադրուի «Iquique» քաղաքի օդակայան ուր տեղի ունեցած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք կ՛ուղղուի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող    Փերուի Մայրաքաղաք Լիմայի օդակայան, ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով երեկոյեան 17.20-ին (Հռոմի ժամով 23.20) եւ ուր բարի գալուստի պաշտօնական արարողակարգէն ետք  կը փոխադրուի Լիմայի առաքելական պատուիրակութեան պալատ։








All the contents on this site are copyrighted ©.