2018-01-18 08:27:00

Հայաստանի մէջ կը ծրագրուի հիմնել համահայկական թուային գրադարան


Հայաստանի ազգային գրադարանը  2017-ին շարք մը ձեռքբերումներ ունեցած է, ինչպէս՝ մատենագիտական աշխատանքներու կազմում, Գրատպութեան թանգարանի բացում եւ այլն: Նախորդ տարի կատարուած աշխատանքին եւ այս տարի սպասուող ծրագիրներուն մասին Յունուար 17-ին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին ներկայացուց գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան:

«Նախորդ տարուան ամենածանր իրադարձութիւնը Հայաստանի ազգային գրապալատի ձուլումն էր Հայաստանի ազգային գրադարանին: Մենք գրապալատի ողջ  հաւաքածուն տեղափոխեցինք մեր մօտ: Աշխատակիցներիէնոչ մէկը դուրս մնաց: Այն գործառոյթները, որոնք կը կատարէր գրապալատը, այժմ  կը շարունակէ իրականացնել  գրադարանը»,- “Արմենփրես”-ի փոխանցմամբ՝ յայտնեց Զարգարեան:

Գրադարանը նկուղային ապահով տարածք յատկացուցած է «ազգային անձեռնմխելի հաւաքածու» համարուող գիրքերուն: Այնտեղ կը պահուին տարբեր հրատարակիչներու տրամադրած արժէքաւոր գիրքերէն օրինակներ:

Տնօրէնը շեշտեց, որ գրադարանի արձանագրուած ընթերցողներու թիւը 31,755 է:

«2017-ին արձանագրուած է 3367 մարդ, անոնցմէ 2357-ը ուսանողներ են, 1010-ը՝ գիտական ընթերցասրահի ընթերցողներ: Գրքատածքը կազմած է 1 միլիոն 499 հազար միաւոր, այսինքն՝ տարուան ընթացքում այդքան անգամ գիրք սպասարկուած է, իսկ ընթերցողներու յաճախումներուն թիւը հասած է 247,828-ի»,- ըսաւ Զարգարեան:

Անդրադառնալով միջազգային համագործակցութիւններուն՝ Տիգրան Զարգարեան կը տեղեկացնէ, որ նախորդ տարի ռուսերէնով եւ հայերէնով հրատարակուած է մատենագիտական գրքոյկ մը՝ «Պատրաստուած Է ԽՍՀՄ-ում. Հայաստան 1950-1991 թուականներ» խորագիրով: Այնտեղ ներառուած են Հայաստանի գիտնականներու ատենախօսութիւններ, ընդգրկուած են գիտութեան բոլոր ճիւղերը:

Կազմուած է Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Armenian Review» հայագիտական հանդէսի յօդուածներու մատենագիտութիւնը՝ 1950-ականներէն մինչեւ 2010:

«Մեր ուշադրութեան կեդրոնին է գիրքերու թուայնացումը: Մենք աշխարհով մէկ սփռուած տպագիր գիր եւ մամուլ ունինք: Շատ թիւեր մեր մօտ չկան: Զանոնք գտնելով, թուայնացնելով եւ թուայնացուած պատճէնները մեր մօտ պահելով, հասանելի կը դարձնենք ընթերցողներուն, հետազօտողներուն: Այդ նպատակով ստացած ենք նոր թուայնացման սարքեր: Սա մեզի հնարաւորութիւն տուաւ առաջ քաշել Համահայկական թուային գրադարան ստեղծելու գաղափարը, որ ամբիցիոզ (փառասէր-Խմբ.) է, բայց իրականանալի», ընդգծեց տնօրէնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.