2018-01-18 08:39:00

Երուսաղէմի հարցին միջազգային համագումարի առաջին նիստին Արամ Ա. Վեհափառին խօսքը


Չորեքշաբթի, 17 յունուար 2018-ին,   Եգիպտոսի մէջ Երուսաղէմի հարցին շուրջ կազմակերպուած միջազգային համագումարի առաջին նիստին խօսք առնելով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ «անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքին տուեալները եւ պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները` Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու»: Ապա վեհափառ հայրապետը հետեւեալ 4 կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտը.

1) Անհրաժեշտ է միջազգային համայնքին յիշեցնել, որ Երուսաղէմի գրաւումը Իսրայէլի կողմէ լայն չափով այլափոխեց Երուսաղէմի նկարագիրը եւ ներքին դրուածքը` յառաջացնելով իսլամ ու քրիստոնեայ բնակչութեան մօտ արտագաղթ եւ նոյնիսկ խախտելով յիշեալ երկու կրօններու իրաւասութիւնները սրբատեղիներուն առնչուած, հակառակ միջազգային համայնքին եւ ՄԱԿ-ի որոշումներուն:

2) Միակողմանի որոշումներ եւ մենատիրական տեսակէտներ Երուսաղէմի գծով` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող եւ քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ներկայութիւնը հարցականի տակ դնող, երբեք չեն նպաստեր շրջանին մէջ ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն յառաջացնելու ձգտող ճիգերուն:

3) Երուսաղէմի նկատմամբ քաղաքական որեւէ մօտեցում կրնայ աւելի բարդացնել եւ սրել ներկայ տագնապը: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ապաքաղաքականացնել Երուսաղէմի հարցը` Երուսաղէմը նկատելով մայրաքաղաքը միաստուածեան երեք կրօններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաք` իսրայէլեան եւ պաղեստինեան վարչական միացեալ հովանաւորութիւնը վայելող:

4) Երուսաղէմը դարերու ընթացքին եղած է երեք միաստուածեան կրօններու համագոյակցութեան քաղաք: Հակառակ երբեմն յառաջացող ներքին զգայնութիւններուն` սրբատեղիներու նկատմամբ անոնց ունեցած իրաւասութեանց շրջագիծին մէջ, անոնք միշտ յանձնառու եղած են միջազգային ճանաչում ունեցող իրենց իրաւասութեանց իրավիճակին պահպանման: Արդ, ինչ ալ ըլլայ Երուսաղէմի նկատմամբ առնուելիք որոշումը խաղաղութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ, երեք կրօններու իրաւասութիւնները ճշդող իրավիճակը պէտք է պահել:

5) Իբրեւ նախկին ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ), կ՛ուզեմ յայտնել, որ ԵՀԽ-ի հիմնադրութենէն, 1948-էն սկսեալ, Երուսաղէմի հարցը խորհուրդի օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ գրաւած է: Խորհուրդին մօտեցումը եղած է համապատասխան ՄԱԿ-ի որոշումներուն. այլ խօսքով, սուրբ քաղաքը նկատած է եբրայական, քրիստոնէական ու իսլամական կրօններու միացեալ սուրբ քաղաքը:

6) Երուսաղէմը միշտ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցած է քրիստոնէութեան համար` իբրեւ սուրբ քաղաք: Հոն կը գտնուին Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան առնչուած կարեւոր վայրերը: Երուսաղէմի մէջ հաստատուեցաւ առաջին քրիստոնէական եկեղեցին. Երուսաղէմէն ճառագայթեց քրիստոնէութեան լոյսը: Հետեւաբար, Երուսաղէմը պէտք է իր քրիստոնէական նկարագիրը պահէ անաղարտ, հոն պէտք է այցելեն բոլոր քրիստոնեաները` առանց դժուարութեան ու խտրութեան:

7) 638 թուականէն սկսեալ հայ եկեղեցին ներկայութիւն եղած է Երուսաղէմի մէջ իր ժողովուրդով, եպիսկոպոսով ու հոգեւորականներով: 1311-ին Եգիպտոսի Սուլթանը Երուսաղէմի հայ եպիսկոպոսին տուաւ պատրիարք տիտղոսը եւ ներկայ պատրիարքը 97-րդն է Երուսաղէմի հայոց: Հայոց պատրիարքութիւնը Երուսաղէմի մէջ ունի եկեղեցիներ ու սրբատեղիներ եւ այլ համայնքներու շարքին` իր իրաւասութիւնները, միջազգային օրէնքով ճանչցուած: Մեր ժողովուրդը կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան` պահպանելու իր իրաւունքները սուրբ քաղաքին մէջ:

Եզրակացնելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հեռու մնալ միակողմանի մօտեցումներէն եւ պահել Երուսաղէմի միջազգային ու կրօնական նկարագիրը: Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց միաստուածեան կրօններուն միջազգային համայնքին հետ միասնաբար աշխատելու, որպէսզի Երուսաղէմը դառնայ խաղաղութեան ու արդարութեան քաղաք` հաւատարիմ իր հոգեւոր ու պատմական կոչումին:

 

Յայտնենք, որ միջազգային համագումարին կը մասնակցին աւելի քան 300 կրօնական, պետական, քաղաքական ու ակադեմական բարձրաստիճան պատասխանատուներ` գլխաւորութեամբ Եգիպտոսի ու Պաղեստինի նախագահներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.