2018-01-17 15:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Թեմուքօ քաղաքին մէջ:


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 17 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սանթիակոյէն փոխադրուեցաւ  Թեմուքօ քաղաք ուր առաւօտեան 10.30-ին Սուրբ պատարագ մատուցեց Թեմուքոյի « Maquehue» օդակայանին մէջ։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հիացմունքով խօսեցաւ Չիլէի աստուածապարգեւ բնութեան մասին եւ յատուկ կերպով ողջունեց զանազան բնիկ ցեղերու պատկանող ժողովուրդը։ Ան յիշեցուց, թէ Սուրբ Պատարագը կը մատուցուի բոլոր անոնց համար որոնք զոհ դարձած են անիրաւութեան եւ տառապանքի։

Օրուան Սուրբ Աւետարանը, առնուած Յովհաննէս Աւետարանիչէն, մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Յիսուսի խօսքը՝ «բոլորը ըլլան մի» (Յովհ ԺԷ. 21)։ Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց իւրացնել Յիսուսի այս աղօթքը եւ խնդրել Հօրմէ, որ ըլլանք մի. թոյլ չտանք որ հակամարտութիւն եւ բաժանում յաղթահարեն մեզ։ Միութիւնը պարգեւ մըն է, որ պէտք է խնդրենք յարատեւութեամբ՝ մեր երկրագունդի եւ մեր զաւակներու բարիքին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, թէ պէտք չէ միութիւնը շփոթել միաձեւութեան հետ, որովհետեւ միութիւնը երբէք պիտի չծնի՝ զանազանութիւնը չէզոքացնելով եւ լռեցնելով այլ զայն յարգելով եւ խնամելով։ Միութիւնը կը յարգէ իւրաքանչիւր ժողովուրդ եւ իւրաքանչիւր մշակոյթ, որովհետեւ անոնք զիրար կը հարստացնեն փոխադարձաբար։ Միութեան հոգին կը պահանջէ որ իրարու մտիկ ընենք եւ ճանչնանք իրար։

Միութիւնը չի բաւարարուիր գեղեցիկ դաշինքներ եւ համաձայնութիւններ կնքելով։ Զանոնք պէտք է վերածել գործի։ Պէտք է կերտել փոխադարձ ճանաչումի մշակոյթ մը, որ երբէք հիմնուած չէ բռնութեան եւ ոչնչացումի վրայ։

Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց, խաղաղութեան քաղաքականութիւն մը որդեգրել, անդադրուն կերպով փնտռել երկխօսութիւնը՝ հասնելու համար միութեան, եւ յորդորեց որ աղօթենք՝ «Տէր, մեզ ըրէ արհեստագործներ քու միութեանդ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.