2018-01-17 08:36:00

Հայաստանը ընդգրկուած Է ՄԱԿ-ի 2018-ի պատուոյ ցանկին մէջ


Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդգրկուած է ՄԱԿ-ի 2018-ի պատուոյ ցանկին մէջ` կազմակերպութեան կանոնաւոր պիւտճէին ժամանակին եւ ամբողջութեամբ կատարած իր անդամավճարներուն համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ 2018-ի յունուարին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի կանոնաւոր ամավարկին փոխանցուած է 145.843 տոլար` իբրեւ ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան 2018-ի տարեկան անդամավճար:

Պատուոյ ցանկին մէջ կ՛ընդգրկուին այն անդամ երկիրները, որոնք ընթացիկ տարուան առաջին 30 աշխատանքային օրուան ընթացքին ՄԱԿ-ի կանոնաւոր պիւտճէին ամբողջութեամբ կը վճարեն իրենց անդամակցութեան ֆինանսական պարտաւորութիւնները:

10 յունուար 2018-ի դրութեամբ պատուոյ ցանկին մէջ ընդգրկուած է ՄԱԿ-ի 193 անդամ երկիրներէն 7-ը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.