2018-01-16 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Չիլիի նախագահական պալատին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ առաքելական 22-րդ ճամբորդութեան պաշտօնական հանդիպումներու յայտագիրը սկսաւ այսօր՝ 16 յունուարի առաւօտեան, տեղական ժամով 8.10 անց (Հռոմի ժամով 12.10 անց) երբ Առաքելական նուիրակութեան պալատէն փոխադրուեցաւ «Palacio de La Moneda» նախագահական պալատ։

Պալատի մուտքին՝ «Սահմանադրութեան Հրապարակին» վրայ, Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ երկրի նախագահ Տիկ Միշել Պաշըլէի կողմէ ու երկու երկիրներու քայլերգերու կատարումէն ետք, նախագահն ու Պապը մուտք գործեցին նախագահական պալատ ուր համախմբուած էին երկրին քաղաքական, քաղաքացիական ու մշակութային աշխարհի ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ դիւանագիտական մարմնի անդամները։

Չիլիի նախագահ՝ Տիկին Պաշըլէի արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ճամբորդութեան իր առաջին ճառը արտասանեց ներկաներուն, որուն սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ դարձեալ  Լատին Ամերիկեան հողին վրայ գտնուելուն համար ու սկիզբ տալու Չիլիի այցելութեան, որ՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, «զիս հիւրընկալեց եւ կազմաւորեց իմ երիտասարդութեանս տարիներուն» ապա երախտագիտութիւն յայտնեց  բոլոր ընկալուած բարիքներուն համար։

Ակնարկելով Չիլիի քայլերգի բառերուն, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ, անոնք իսկական փառաբանութիւն մըն են հողին, որ լի է խոստումներով ու մարտահրաւէրներով ու յատկապէս լի է ապագայի ձգտումով։

Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին իրեն ուղղած բարի գալուստի խօսքերուն համար ու նախագահի անձին միջոցաւ ուզեց ողջունել եւ ողջագուրել Չիլիի համայն ժողովուրդը, մատնանշելով երկրի աշխարհագրական հարստութեան ու զանազանութեան, «որ՝ ըսաւ Սրբազան Պապը, մեզի առիթ կ՛ընծայէ քաղելու ձեր մշակոյթի բազմազանութեան հարստութիւնը» ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելէ  ետք նաեւ նորընտիր նախագահին, անդրադարձաւ երկրին իրականութեան ու զարգացումներուն ինչպէս նաեւ այս տարի յիշատակուող երկրին անկախութեան 200-րդ Յոբելեանին զայն նկատելո «Կարեւոր հանգրուան մը որ սահմանեց ձեր ճակատագիրը որպէս ժողովուրդ՝ հիմնուած ազատութեան ու իրաւունքի վրայ, որ կարողացաւ դիմագրաւել դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ամրապնդելով հիմնադիր նախահայրերուն երազը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց ազգը կառուցելու կարեւորութիւնը ու այս ծիրէն ներս սերունդներու դերակատարութեան, հաստատելով թէ բարիքը՝ սիրոյ, արդարութեան ու զօրակցութեան նման, ձեռք կը բերուին օրէ օր ու թէ կարելի չէ բաւարարուիլ անցեալի նուաճումներով, ապա հրաւիրեց շարունակել աշխատիլ՝ որպէսզի նախահայրերու երազը՝ ժողովրդավարութիւնը, դառնայ բոլորին համար հանդիպումի վայր մը, ուր ամէնքը անխտիր իրենք զիրենք զգան կանչուած կառուցելու հասարակաց տունը, ընտանիքը, երկիրը։ Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց հուսկ Սուրբ Ալպերթօ Հուրթատոյի խօսքերը «Ազգ մը, աւելի քան իր սահմանները, աւելի քան իր հողերը, իր լեռնաշղթաները, իր ծովերը, իր լեզուն ու աւանդութիւնները, առաքելութիւն մըն է որ պէտք է իրագործուի», ու նշեց թէ այդ ապագան կախում ունի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն ունկնդրութեան ունակութենէն, այդ մէկը անհրաժեշտ նկատելով յատկապէս Չիլիին համար, ուր ցեղային, մշակութային ու պատմական բազմազանութիւնը պէտք է պաշտպանուի, ամէն տեսակ կողմնակալութեան կամ գերակայութեան փորձէն որ կը վտանգէ հասարակաց բարիքը - յարեց Նորին Սրբութիւնը ու շեշտը դրաւ ունկնդրութեան ու մտիկ ընելու վրայ։

«Անհրաժեշտ է մտիկ ընել, ըսաւ Ան, մտիկ ընել աշխատազուրկերուն, որոնք կարող չեն ներկան դիմագրաւել եւ ոչ իսկ ապագան։ Մտիկ ընել բնիկ ժողովուրդներուն, որոնք յաճախ մոռցուած են եւ որոնց իրաւունքները կարիքը ունին ուշադրութեան ու մշակոյթը՝ պաշտպանութեան, որպէսզի կորուստի չի մատնուի այս երկրին ինքնութեան կարեւոր մէկ հարստութիւնը։

«Մտիկ ընել գաղթականներուն որոնք կը բախեն այս երկրի դռները՝ աւելի լաւ կեանքի մը փնտռտուքով։ Մտիկ ընել երիտասարդներուն որոնք կը ձգտին նոր կարելիութիւններու, յատկապէս դաստիարակչական գետնի վրայ, որպէսզի դառնան իրենց երազած  Չիլիին դերակատարները,  ու պաշտպանել զանոնք թմրամոլութեան ախտէն որ իրենց կեանքին լաւագոյնը կը խլէ։ Մտիկ ընել տարեցներուն, իրենց իմաստութեամբ եւ իրենց դիւրաբեկութեամբ։ Կարելի չէ անտեսել զանոնք։ Ունկնդրել ապա մանուկները՝ որոնք աշխարհ կու գան սքանչացած ու անմեղ հայեացքով ու իսկական պատասխաններ կ՛ակնկալեն արժանապատուութեամբ ապագայի մը համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խոր ցաւն ու ամօթը արտայայտելով Եկեղեցւոյ պատասխանատուներու կողմէ մանուկներուն դէմ գործած չարիքներուն համար, ապա միացած եպիսկոպոսներուն, ներողութիւն խնդրեց զոհերէն ու զօրակցութիւն արտայայտեց անոնց, կոչ ուղղելով յանձնառու ըլլալ՝ որպէսզի այդ արարքները դարձեալ չի կրկնուին։  

«Ունկնդրութեան ունակութեամբ կանչուած ենք մտիկ ընելու նաեւ մեր հասարակաց տան, զարգացնել մշակոյթ մը որ կարող ըլլայ խնամք տանիլ անոր, ունենալ տարբեր հայեացք, քաղաքական եւ դաստիարակչական ծրագիր, ինչպէս նաեւ կեանքի ապրելակերպ ու հոգեւորութիւն, որ դիմադարձեն կենսոլորտային համակարգին մէջ տնտեսական իշխանութեան գերակայութեան. Բնիկ ժողովուրդներու իմաստութիւնը կարող է այս առընչութեամբ մեծ ներդրում ունենալ» յարեց ապա Քահանայապետը ակնարկելով Չիլիի ժողովուրդի կոչումին ու անոր գոյատեւելու հաստատակամ կամքին, դիտել տալով՝ թէ բոլորն ալ անխտիր կանչուած են այդ կոչումին որ կը պահանջէ կեանքի ի նպաստ արմատական ընտրանք։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, ապա հայցեց «Քարմելօ Տիրամօր» Չիլիի Թագուհի ու Մօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի շարունակէ ընկերանալ ու զարգացնել այս օրհնեալ երկրի երազները։

Քաղաքական ու մշակոյթի աշխարհին հետ ունեցած հանդիպման աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահական պալատին մէջ, առանձնական հանդիպում ունեցաւ Երկրին նախագահին հետ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում հուսկ Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ  Սանթիակոյի «Parque O’Higgins» տարածք ուր գլխաւորեց՝ «խաղաղութեան եւ արդարութեան» նուիրուած  սուրբ պատարագը։








All the contents on this site are copyrighted ©.