2018-01-16 15:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապը «ՕʼՀիկկինս» հրապարակին վրայ մատոյց ճամբորդութեան առաջին պատարագը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, յունուար 16ին, Չիլի կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը «ՕʼՀիկկինս» հրապարակին վրայ մատոյց իր առաջին պատարագը նուիրուած խաղաղութեան եւ արդարութեան ու այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանեց Մատթէոսի Աւետարանի Երանելիները (Մտթ Ե.)։

Աւետարանիչը կը սկսի պատումը ըսելով՝ երբ Յիսուս «տեսաւ բազմութիւնը» ։ Այս խօսքը մեզի ցոյց կու տայ Յիսուսի կեցուածքը՝ Ան միշտ ընդառաջ կʼերթայ մարդոց։ Մարդոց դիմագիծն է, որ կը շարժէ Աստուծոյ սէրը եւ ոչ թէ անոնց գաղափարները եւ պատկերացումները. մարդիկ ինքնին կը խօսին Յիսուսի սրտին։ Ապա Յիսուսի եւ բազմութեան հանդիպումէն կը ծնի երանութիւններու ցանկը՝ որ կոչ մըն է մարդ արարածին, ընթանալու անոնց գծած ճանապարհէն։

Սրբազան Պապը դրուատեց Չիլէի ժողովուրդին վերականգնումի ոգին, եւ նկատեց, թէ ճիշտ այդ ոգիին ու սրտին ուղղուած են երանութիւնները։

Յիսուս երանի կու տայ աղքատին, արտասուողին, վիրաւորին, տառապողին եւ ներողամիտին։ Այսպէս, Ան արմատախիլ կʼընէ մարդու մէջ ամէն բացասական կեցուածք, ինչպէս եւ անշարժութիւնը այն անհատներուն, որոնք դադրած են հաւատալէ՝ Աստուծոյ փոխակերպող զօրութեան եւ տառապող եղբայրներուն։ Երանութիւններ նոր այգաբաց են անոնց համար, որոնք կը շարունակեն յոյս դնել ապագային վրայ, կը շարունակեն երազել, եւ թոյլ կու տան որ Սուրբ Հոգին զիրենք յուզէ եւ մղէ։

Ապա, Սրբազան Հայրը աւելի մանրամասնօրէն անդրադարձաւ երանութիւններուն, յատկապէս խօսելով խաղաղութեան եւ արդարութեան մասին։ Ան աւելցուց՝ «կերտել խաղաղութիւնը, գործընթաց մըն է, որ մեզ կը միացնէ եւ կը հրահրէ մեր ստեղծագործ ոգին՝ կեանք տալով յարաբերութիւններու, ուր դրացիին մէջ չենք տեսներ օտարը, կամ անծանօթը, այլ այս երկրի մէկ զաւակը»։

Ան իր քարոզը աւարտեց, ըսելով՝ «Մենք մեզ վստահինք Անարատ Կոյսին, որ «Ցերրօ Սան Քրիսթոպալ» բլուրի սրբավայրէն կը պահպանէ այս քաղաքը եւ կʼընկերանայ անոր։ Թող ան մեզի օգնէ՝ ապրելու եւ ցանկալու երանութիւններու հոգին, մինչեւ որ այս քաղաքի բոլոր անկիւններուն մէջ տարածուի շշուկը՝ երանի խաղաղարարներուն, անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մտթ Ե. 9)։








All the contents on this site are copyrighted ©.