2018-01-16 11:14:00

Նալբանդեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ղեկավարը


15 յունուարին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթթոն` Հայաստանի մէջ իր առաքելութեան աւարտին առիթով:

Կարեւոր նկատելով Հայաստանի մասնակցութիւնը ՄԱԿ-ի տարբեր կառոյցներու աշխատանքներուն եւ ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի գործունէութիւնը` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց պաշտօնավարման ընթացքին Պրետլի Պուզեթթոյի ներդրումը Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացման գործին մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով իր գործունէութեան բարձր գնահատականին համար` Պրետլի Պուզեթթօ նշեց, որ իր առաքելութեան ընթացքին միշտ զգացած է Հայաստանի իշխանութիւններուն  բազմակողմանի աջակցութիւնը:

Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի նպաստին համար նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Պրետլի Պուզեթթոն պարգեւատրեց արտաքին գործոց նախարարութեան պատուոյ մետալով:








All the contents on this site are copyrighted ©.